Որոնել

Սուրբ Պետրոսի տաճարը Սուրբ Պետրոսի տաճարը 

Վատիկանեան հաղորդակցութեան բաժանմունքէն ներս նոր անուանումներ:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ընհդանուր նոր տնօրէն նշանակեց տիար Մաթթէօ Պրունին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 18 յուլիսին, ֆրանչիսկոս Պապ, մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն անուանեց Տիար Մաթթէօ Պրունի:

Ունկնդրէ լուրը

Տիար Մաթթէօ, Հռոմի Սափիենցա համալսարանին մէջ աւարտած է արդի օտար գրականութեան եւ լեզուներուն բաժանմունքը:

Ան 2009՝ յուլիս ամիսէն ի վեր կը գործէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին  մէջ իբրեւ պատասխանատու Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մօտ հաւատարմագրուած լրագրողներուն:

Ան երկար ժամանակէ ի վեր եկեղեցական ասպարէզէն ներս յանձնառու է մարդասիրական եւ տարեցներու ի նպաստ զօրակցական աշխատաքներուն : Ամուսնացած է եւ ունի մէկ աղջիկ զաւակ: 

Նոյն օրը ֆրանչիսկոս Պապ, Սուրբ աթոռի հաղորդակցութեան ընդհանուր խմբագրութեան տնօրէնութեան փոխ տնօրէններ անուանեց Տիար Սերճօ Չենթօֆանթին եւ Ալեստանտրօ Ճիզոթթին, զոր մինչեւ այսօր վարած էր Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէնի պաշտօնը:

Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան ժողովի կառավարիչ՝ տիար Փաուլօ Ռուֆինիին յայտարարութիւնը:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին վերոնշեալ նոր նշանակումներուն առնչութեամբ, Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան ժողովի կառավարիչ Տիար Փաուլօ Ռուֆինին հրապարակելով յայտարարութիւն մը նշեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապին այսօրուան անուանումներով, այլ քայլ մը եւս կ՝արձանագրուի Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան ժողովէն ներս, աւելցնելով որ  Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը այժմ ունի նոր տնօրէն, յանձին Տիար Մաթթէօ Պրունի, որ կատարելապէս լաւ կը ճանչնայ հաղորդակցութեան մեքենան եւ որուն մարդկային եւ արհեստավարժական կարողութիւնները, վերջին տարիներուն մեծապէս գնահատուած են:

Ինչ կը հայի Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան ընդհանուր խմբագրութեան տնօրէնութեան երկու նոր փոխ տնօրէններուն անուանումին , Տիար Փաուլօ Ռուֆինի յայտարարութեան մէջ նշեց թէ հաղորդակցութեան ընդհանուր խմբագրութեան տնօրէնութիւնը այժմ ունի արհեստավարժութեամբ օժտուած, կարող եւ ձեռնհաս երկու նոր փոխ տնօրէններ՝ Ալեսանտրօ Ճիզոթթի եւ Սերճօ Չենթոֆանթի, որոնք Անտրէա Թորնիելլի առաջնորդութեամբ , իրենց նպաստը պիտի բերեն հաղորդակցութեան բաժանմունքի զարգացման:

Փաուլօ Ռուֆինի ապա յայտարարութեան մէջ իր երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած է Ալեստանտրօ Ճիզոթին, որ աւելի քան վեց ամիսէ վեր վարած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէնի պաշտօնը:

Յայտարարութեան աւարտին Փաուլօ Ռուֆինի իր վստահութիւնը յայտնած է այն առումով, որ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի նոր տնօրէնը, Մաթթէօ Պրունի, ձեռնհասութեամբ, ուշիմութեամբ եւ խմբային հոգիով պիտի վարէ իր նոր պաշտօնը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2019, 12:49