Քրիսթիան Մառէյ Քրիսթիան Մառէյ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Պրազիլցի Քրիսթիան Մառէյը նշանակեց մամլոյ գրասենեակի փոխ տնօրէն:

Քրիսթեան Մառէյը 1995 թուականէն ի վեր կ՝աշխատի Վատիկանի Ռատիոյ կայանէն ներս:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի փոխ տնօրէն անուանեց Պրազիլցի Քրիսթիան Մառէյը:

Նորանշանակ փոխ տնօրէնուհին,  ծնած է Ռիօ Տէ Ժէնէյրօ:  Ան ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ: 1995 թուականէն  կ՝աշխատի Վատիկանի Ռատիոյ կայանէն ներս:  2018 թուականէն ապրիլ ամիսէն կը համագործակցի Ամազոնեան տարածաշրջանին եպիսկոպոսներուն սինոդին նախապատրաստական աշխատանքներուն ծիրէն ներս:  

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի փոխ տնօրէն անուանումի առիթով կատարած յայտարարութեան մէջ Քրիսթեան Մառէյը նշեց թէ ինք մեծ ուրախութեամբ եւ յուզումով  ընկալեց սոյն անուանումը: Ան իր շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանչիսկոս Պապին սոյն անուանումի համար, յատուկէն այս պաշտօնին իգական սեռ ընտրելուն համար: Քրիսթիան Մառէյ  շնորհակալութիւն յայտնեց  Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան բաժանմունքի կառավարիչին եւ բոլոր անձնակազմի անդամներուն:     

Փաուլօ Ռուֆինի իր կարգին հրապարակելով յայտարարութիւն մը յայտնեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապ,  Քրիսթիան Մառէյը Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի իբրեւ փոխ տնօրէնուհի նշանակումով կ՝աւարտի Հաղորդակցութեան ժողովի ղեկավարութեան սահմանումը:

ֆրանչիսկոս Պապ, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի փոխ տնօրէնի պաշտօնի իգական սեռի մը  անուանումով,   որ ունի արմատներ Պրազիլի  մէջ եւ բաց հայեացք աշխարհին վրայ  վկայութիւն է  կազմելու խումբ մը,  որ գիտէ խօսիլ ունկնդրողին լեզուն: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2019, 14:18