Որոնել

Իտլիպէն առնուած լուսանկար Իտլիպէն առնուած լուսանկար 

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Հաւէզ ալ Ասատին

«Սրբազան Պապը կը խնդրէ նախագահէն որ իր կարելին ընէ կանգնեցնելու համար մարդկային աղէտները, ի պաշտպանութիւն անզէն ժողովուրդին, եւ մասնաւորապէս տկարներուն՝ յարգելով միջազգային մարդկային իրաւունքները։»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը նամակ մը յղած է Սուրիոյ նախագահ Պաշար Հաւէզ ալ Ասատին, Կարդինալ Թուրքսոնի ձեռքով։ Սրբազան Պապը 28 յունիսի թուարկուած նամակին մէջ կʼանդրադառնայ քանի մը հիմնական կէտերու, շեշտելով անհրաժեշտութիւնը քաղաքացիներու կեանքի պաշտպանութեան, Իտլիպի շրջանին մարդկային աղէտներու կասեցման, թանձրացեալ նախաձեռնութիւններու եւ տեղահանուածներու վերադարձի եւ ապահովութեան, բանտարկեալներու ազատ արձակումի եւ մարդկային պայմաններու՝ քաղաքական բանտարկեալներու համար։ Ան կոչ կʼուղղէ որ վերսկսին երկխօսութիւնները միջազգային հասարակութեան մասնակցութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Նամակը այսօր, յուլիսի 22ին յանձնուած է նախագահ Ասատին, Սուրբ Աթոռի Մարդկային Համապարփակ Զարգացման Ծառայութեան բաժանմունքի ղեկավար՝ Կարդինալ Փիթըր Քոտվօ Ափփիահ Թուրքսոնի ձեռքով։ Կարդինալ Թուրքսոնի ընկերակցած են սոյն բաժանմունքի ենթաքարտուղար՝ Հայր Նիքոլա Ռիքարտի, եւ Սուրիոյ Առաքելական Նուիրակ Կարդինալ Մարիօ Ծենարի։

Այս առիթով, Վատիկանի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին հարցազրոյց մը տուած է Vatican Newsին։

Կարդինալ Փարոլին բացայայտելով Սրբազան Պապի նամակի քանի մը կէտերը նախ նկատած է թէ այս նամակը սկիզբ առած է Սրբազան Պապի մտահոգութենէն, յատկապէս Իտլիպի նահանգին մէջ կատարուած իրադարձութիւններու նկատմամբ։ Սրբազան Պապը տեղեակ է այդ շրջանի աղէտներուն եւ մեծ մտահոգութեամբ ու ցաւով կը հետեւի կատարուածին։
Ծիրանաւորը յիշած է, թէ Սրբազան Պապը կոչ կʼուղղէ որ պաշտպանուի քաղաքացիներու կեանքը, եւ պահպանուին էական ենթակառոյցները, ինչպէս՝ դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ բուժարաններ։ «Սրբազան Պապը կը խնդրէ նախագահէն որ իր կարելին ընէ կանգնեցնելու համար մարդկային աղէտները, ի պաշտպանութիւն անզէն ժողովուրդին, եւ մասնաւորապէս տկարներուն՝ յարգելով միջազգային մարդկային իրաւունքները։»
Կարդինալ Փարոլին կը շեշտէ, թէ Սրբազան Պապի նախաձեռնութիւնը քաղաքական չէ։ Սրբազան Հայրը կը շարունակէ աղօթել Սուրիոյ համար, որպէսզի երկիրը վերագտնէ եղբայրական կլիման՝ պատերազմի այս երկար տարիներէն ետք, եւ որպէսզի հաշտութիւնը գերազանցէ բաժանումէն եւ ատելութենէն։ Ֆրանչիսկոս Պապ կը քաջալերէ նախագահ Ասատը, որ կատարէ իմաստնալից վերաբերմունք հաշտութեան գործընթացին ի նպաստ եւ կʼառաջարկէ գործանական կէտեր, ինչպէս՝ աքսորուածներու եւ տեղահանուածներու վերադարձ, բանտարկեալներու ազատ արձակում եւ բանտարկեալներու ընտանիքներուն տեղեկացում իրենց սիրելիներու վիճակին եւ կացութեան մասին։

Սրբազան Պապին համար կարեւոր կէտ մըն է նաեւ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը։ Ըստ 2018 թուականի միջազգային անկախ յանձնաժողովի մը հրապարակած թիւերուն, Սուրիոյ մէջ տասնեակ հազարաւորներ կամայականօրէն բանտարկուած են։ Շատ անգամ բանտարկեալներու վայրը անծանօթ է, անոնք ենթարկուած են խոշտանգումի, չունին իրաւաբանական աջակցութիւն եւ ոչ մի կապ իրենց ընտանիքներուն հետ։

Կարդինալ Փարոլին եզրափակած է, շեշտելով, թէ «Սուրբ Աթոռը միշտ շեշտած է քաղաքական գործնական լուծման մը փնտռտուքի հարկաւորութեան վրայ, վերջ դնելու համար հակամարտութեան, գերազանցելով կողմերու շահերէն։ Սա կը կատարուի դիւանագիտութեան, երկխօսութեան, բանակցութեան միջոցներով, եւ միջազգային հասարակութեան աջակցութեամբ։ Նախագահ Ասատի ուղղուած նամակին մէջ Սրբազան Հայրը զայն կը քաջալերէ որ ցոյց տայ բարի կամք եւ աշխատի գտնել գործանական լուծումներ, վերջ դնելով հակամարտութեան մը, որ երկար ժամանակի վրայ կը տարածուի եւ որ պատճառած է անմեղ կեանքերու մեծ թիւի մը կորուստը։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2019, 11:52