Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին յուլիս ամսուան առաքելական աղօթքի դիտաւորութիւն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 4 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատկերասփռուած պատգամով մը ներկայացուց յուլիս ամսուան առաքելական աղօթքի դիտաւորութիւնը:

Սրբազան Հայրը խնդրեց որ յուլիս ամսուան ընթացքին աղօթենք դատաւորներուն համար, որպէսզի անոնք արդարամտութեամբ գործեն, նկատել տալով, որ դատաւորներուն որոշումները ու դատումները մեծ ազդեցութիւն ունին մարդու իրաւունքներուն եւ բարիքներուն վրայ:

Ֆրանչիսկոս Պապի կը խնդրէ, որ յուլիս ամսուան ընթացքին աղօթենք, որպէսզի աշխարհի մէջ միշտ արդարութիւնը յաղթէ եւ անարդարութիւնը չունենայ վերջին խօսքը :

Սրբազան Հայրը պատկերասփռուած պատգամին մէջ ըսաւ հետեւեալը.

«Դատաւորներէն կախեալ են այն բոլոր որոշումները որոնք մեծապէս կ՝ազդեն անձերուն իրաւունքներուն եւ բարիքներուն վրայ:  Դատաւորներուն անկախութիւնը պէտք է, որ զիրենք նախասիրութենէն հեռու պահէ ինչպէս նաեւ հեռու պահէ այն բոլոր ճնշումներէն, որոնք կրնան իրենց վճռելիք որոշումները խեղաթիւրել:

Դատաւորները պէտք է Յիսուսին օրինակին հետեւին , որ երբեք չի սակարկեր ճշմարտութիւնը: Աղօթենք որպէսզի բոլոր անոնք որոնք, արդարադատութիւն կը մատակարարեն,արդարամտութեամբ գործեն եւ որպէսզի աշխարհէն մէջ տիրող անարդարութիւնը չունենայ վերջին խօսքը:» Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պատկերասփռուած պատգամին մէջ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/07/2019, 16:00