Ֆրանչիսկոս Պապը ուխտաւորներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապը ուխտաւորներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Նովա Կուինէայէն ժամանած խումբ մը ուխտաւորներ:

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապին ուխտաւորներուն հետ հանդիպումի մասին:
Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 30 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Նովա Կուէնայէ ժամանած խումը մը ուխտաւորներ,  որոնց ընկերացած էր, Նովայ Կինէայի միսիոնար, ժողովրդապետ  Հայր Մարթին Փրատօ: Այս մասին հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է նաեւ որ  հանդիպումի ընթացքին  Նովա Կուէնային ուխտաւորները Ֆրանչիսկոս Պապին տեղեկութիւններ տուած են  իրենց երկրի իրավիճակին մասին ապա ներկայացուցած են փունջ մը ազգային, աւանդական երգեր:

Հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ հրաժեշտ առած է ներկաներէն բոլորի տալով իր առաքելական օրհնութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2019, 13:38