Որոնել

Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը  

Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պետրոսի մասունք մը կը նուիրէ Տիեզերական Պատրիարք Բարթուղիմէոսին

Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուած է Սուրբ Պետրոս Տաճարի մէջ առաքեալներու տօնին առիթով մատուցուած Սուրբ Պատարագին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 29 յունիսին, Սուրբ Պօղոս եւ Պետրոս Առաքեալներու տօնին, Ֆրանչիսկոս Պապ սուրբ Պետրոսի մասունք մը նուիրած է Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթուղիմէոսին։

Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուած է Սուրբ Պետրոս Տաճարի մէջ առաքեալներու տօնին առիթով մատուցուած Սուրբ Պատարագին։ Պատարագի աւարտին Սրբազան Պապը յայտնած է պատուիրակութեան թէ կը փափաքի իր «եղբօր»՝ Բարթուղիմէոս Պատրիարքին նուէր մը փոխանցել, առանց սակայն բացայայտելու թէ ի՛նչ էր նուէրը։ Արարողութեան աւարտին Սրբազան Պապը կը խնդրէ Թելմիսսոսի Արքեպիսկոպոս Եոպէն որ ընկերանայ իրեն իր ինքնաշարժին մէջ։ Միասնաբար կ՝ուղղուին դէպի քահանայապետական բնակարանի մատուռ։ Ապա միայն այդ պահուն է, որ Սրբազան Պապը կը վերցնէ մասունքի տուփը, որ իր նախորդը՝ Պօղոս Զ. Պապը պատրաստել տուած էր եւ կը նուիրէ իր հիւրին։

Արքեպիսկոպոսը անմիջապէս տեղեակ կը պահէ Պատրիարքը, որ կ՝ընդունի լուրը մեծ ուրախութեամբ եւ կը կազմակերպէ մասունքի ճամբորդութիւնը դէպի Պոլիս որ երկուշաբթի, յուլիս 1ին, Քրիստոնեաներու Միութեան Յառաջացումի Քահանայապետական Խորհուրդի ենթաքարտուղար Գերպ. Անտրէա Փալմիէրիի ձեռքով կը յանձնուի Պատրիարքին։ Պարտիարքը անձամբ հրապարակաւ կը հռչակէ նուէրը հաւատացեալներուն, առաքեալներու տօնին առիթով, որ Ուղղափառ Եկեղեցին կը կատարէ Պետրոս եւ Պօղոս Առաքեալներու տօնին յաջորդող օրը։

Արքեպիսկոպոս Եոպ յայտարարած է, թէ «սա մեզի համար արտակարք դէպք մըն է եւ անսպասելի»։ Ան նուէրը նկատած է «հսկայական քայլ մը դէպի թանձրացեալ միութիւն»։ Պատմականօրէն Պօղոս եւ Պետրոս առաքեալներու մասունքները միշտ գտնուած են Հռոմի մէջ, ուր նաեւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներ կը կատարէին իրենց ուխտագնացութիւնը։ Որոշ մասունքներ ժամանակին խաչակիրները բերած էին Կոստանդնուպոսլէն։ Սակայն Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովէն վերջ շատ մը մասունքներ վերադարձուած էին Կոստանդնուպոլիս։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2019, 12:31