Երանելի Հէնրի Նիւման Երանելի Հէնրի Նիւման 

13 հոկտեմբերին Կաթողիկէ Տիեզերական եկեղեցին պիտի ունենայ նոր սուրբեր:

Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ կարդինալական խորհրդաժողով, քուէարկելու սրբադասման քանի մը պարագաներու շուրջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 1 յուլիսին, Վատիկանի Առաքելական պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ, տեղի ունեցաւ կարդինալական օրինաւոր հրապարակային խորհրդաժողով մը։ Սրբազան Պապը նախագահեց Երրորդ Ժամու Ճաշու Ժամերգութեան

Օրակարգի վրայ էին սրբադասման ներկայացուած հետեւեալ անձերը՝

Ճոն Հէնրի Նիումըն, Կարդինալ Լատին Եկեղեցւոյ, հիմնադիր Սուրբ Ֆիլիփօ Ների Միաբանութեան՝ Անգլիոյ մէջ
Ճուզեփփինա Վաննինի՝ հիմնադիր Սան Քամիլլոյի Դուստրերու Միաբանութեան
Մարիա Թերեզա Շիրամէլ Մանքիտիյեան՝ հիմնադիր Սուրբ Ընտանիքի Քոյրերու Միաբանութեան
Տուլսէ Լոփես Փոնթես, Աստուածամօր Անարատ Յղութեան Միսսիոնար Քոյրերու Միաբանութենէն
Մարկարիթա Պայս, Կոյս՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի Երրորդ Կարգի Միաբանութենէն
Խորհրդաժողովին մասնակցող Կարդինալները առաւօտեան ժամը 9։30ին ներկայացան Քլեմենթին Դահլիճ։

Սրբադասումը նախատեսուած է տարւոյս հոկտեմբերի 13ին, Եպիսկոպոսներու Ամազոնեան Սիւնհոդոսի ընթացքին։

Ստորեւ կու տանք կենսագրութիւնները

Երանելի Ճոն Հէնրի Նիումըն, Կարդինալ Լատին Եկեղեցւոյ, Հիմնադիր Սուրբ Ֆիլիփօ Ներիի Միաբանութեան՝ Անգլիոյ մէջ։
Անոր դամբանաքարին վրայ կը կարդանք հետեւեալ խօսքերը՝ “Ex umbris et imaginibus in veritatem” (Ստուերէն եւ լուսապատկերներէն դէպի ճշմարտութիւն)։

Երանելի Նիումընի կեանքը եղած է ուխտագնացութիւն մը դէպի ճշմարտութիւն։ Ան ծնած է Լոնտոնի մէջ 1801 թուականին։ Երիտասարդ տարիքին ձեռնադրուած է սարկաւագ Անկլիքան Եկեղեցւոյ։ Խոկումի եւ աղօթքի երկար ճանապարհ մը կտրելէ ետք կ՝ընդունի կաթողիկէ դաւանանքը։ 1847ին կ՝օծուի քահանայ եւ կը հիմնէ Սուրբ Ֆիլիփօ Ներիի Միաբանութիւնը։ Լեւոն ԺԳ. Սրբազան Պապը անոր կը շնորհէ կարդինալական աստիճան։ Մահացած է 1890 թուականի օգոստոս 11ին, Պիրմինկհամի մէջ։ Բենեդիկտոս ԺԶ. Պապը, 2010ի սեպտեմբերի 19ին երանելիներու կարգին բարձրացուցած է կարդինալ Նիումընը։


Տուլսէ Լոփես Փոնթես

Մկրտութեան անունով Մարիա Ռիթա, ծնած է 1914ին։ Ւնը տարեկան հասակին կը կորսնցնէ մայրը եւ կը յանձնուի մօրաքոյրներու խնամքին։ 13 տարեկան հասակին կը ծանօթանայ քաղաքի աղքատ շրջաններուն, ուր իր մէջ կ՝արթննայ խոր զգայնութիւն մը աղքատներու հանդէպ։ 18 տարեկանին կ՝անդամակցի Աստուածամօր Անարատ Յղութեան Միսսիոնար Քոյրերու Միաբանութեան։ Ւր կոչումը ընտրելու ներշնչիչ տարրերէն մէկը եղած է Սրբուհի Թերեզա Մանուկ Յիսուսի։ Ւնքզինք կը նուիրէ հիւանդներու խնամքին՝ Սալւատոր տա Պահիա կղզիներէն մէկուն վրայ։
Հակառակ շատ մը խոչընդոտներու անխոնջ կերպով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։ 1959ին պաշտօնական բացումը կը կատարուի իր հիմնած Սանթ Անթոնիօ հիւանդանոցին, որ կը ներկայանար 150 անկողիններով։
Այսօր անոր մարդասիրական հաստատութիւնները ծանօթ են իբր Obras Sociais Irmã Dulce, Osid (Քոյր Տուլսէի Ընկերային Գործեր)։
Ւր կեանքի վերջին 30 տարիներուն միշտ աւելի կը վատանար անոր առողջական վիճակը։ 1990 թուականին Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը կ՝այցելէ Քոյր Տուլսէի՝ հիւանդանոցին մէջ։ Մահացած է 1992ի մարտ 13ին։

Ճուզեփփինա Վաննինի
Հիմանդիր Սան Քամիլլոյի Դուստրերու Միաբանութեան

Ծնած է Հռոմ, 7 յուլիս 1859ին։ Մկրտութեան անունն է Ճուտիթթա։ 4 տարեկանին կը կորսնցնէ իր հայրը եւ երեք տարի վերջ՝ իր մայրը։ Կը բաժնուի իր երէց քրոջմէ եւ իր կրտսեր եղբօրմէ եւ կը յանձնուի Հռոմի Թորլոնիա Երաժշտանոց, ուր Սիրոյ Դուստրեր Միաբանութեան կոյսերը զայն կը դաստիարակեն քրիստոնէական հաւատքի մէջ եւ կը պատրաստեն կեանքին։ Ուսումները կ՝աւարտէ յաջողութեամբ եւ 21 տարեկան հասակին դիմում կը կատարէ անդամակցելու Սիենայի Սիրոյ Դուստրեր Միաբանութեան։ Կարճ ժամանակ ետք կը վերադառնայ Հռոմ առողջական վիճակի վատթարացման պատճառով։ 32 տարեկանին, երբ կը մասնակցի հոգեւոր կրթութեան մը, կը ներկայանայ քարոզիչ հոգեւորականին՝ Հայր Լուիճի Թեցցայի եւ կը խնդրէ անոր խորհուրդը։ Հոգեւորականը, որ ծրագիր մը ունէր նոր հիմնարկութեան մը, Ճուտիթթայի կը վստահի այդ նոր հիմնարկութեան աշխատանքը, զայն նկատելով իբր հիմնադիր այդ հաստատութեան։ Ուրիշ երկու երիտասարդուհիներու հետ Ճուտիթթա կը կազմէ առաջին հասարակութիւնը։ 1892ի փետրուար 2ին կը հաստատուի նոր միաբանութիւնը։ Նորահաստատ միաբանութիւնը շուտով տարածում կը գտնէ։ Սակայն Լեւոն ԺԳ. Պապը արգիլած էր նոր միաբանութիւններու հաստատումը Հռոմի մէջ։ Բազմապատիկ դիմումներէ ետք միաբանութիւնը կը հաստատուի իբր «Բարեպաշտական Հիմնարկ»՝ կարդինալի իրաւասութեան ներքոյ։ Վերջապէս, 1909ի յունիս 21ին հաստատութիւնը կ՝ընդունի հիմնադրութեան վճիրը, անուանելով միաբանութիւնը «Սան Քամիլլոյի Դուստրեր»։ Ծանր հիւանդութենէ մը ետք կը մահանայ 1911ի փետրուարի 23ին։ 1994ի հոկտեմբեր 16ին Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը զայն կը բարձրացնէ երանելիներու կարգին։

Մարկարիթա Պայս
Կոյս՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի երրորդ կարգի միաբանութենէն

Ծնած է 1815, սեպտեմբեր 8ին, Զուիցերիոյ մէջ։ Կ՝աշխատի իբր դերձակուհի, տանտիկին եւ կրօնքի ուսուցչուհի։ « Kulturkampf»ի թէժ տարիներուն կ՝աջակցի կաթողիկէ մամուլին։ Ւր կեանքը արմատական անկիւնադարձ մը կ՝ունենայ երբ իր մօտ կը յայտնուին Յիսուսի կրած վէրքերը։ 1854ի դեկտեմբեր 8ին, երբ Պիոս Թ. Պապը կը հռչակէր Անարատ Յղութեան վարդապետութիւնը, հրաշքով մը կը բուժուի քաղցկեղի հիւանդութենէն։ Մահացած է Զուիցերիոյ մէջ 1879 թուականի յունիսի 27ին։
Երանելի հռչակուած է 1995 թուականին։

Մարիամ Թերեզա Շիրամել Մանքիտիյեան
Հիմնադիր Սուրբ Ընտանիքի Քոյրերու Միաբանութեան

Ծնած է Հնդկաստանի Փութենչիրա քաղաքին մէջ, 1876 թուականի ապրիլի 26ին, իբր դուստր ազնուական ընտանիքի։ 12 տարեկանին կը կորսնցնէ մայրը որ իրեն տուած է քրիստոնէական դաստիարակութիւն։ Երիտասարդ տարիքին կը նուիրուի հիւանդներու եւ խեղճերու խնամքին, իր կեանքը յանձնելով Տիրոջ։ Կը շարունակէ իր նուիրեալ աշխատանքը այլ ընկերուհիներու հետ։ Ո՛չ եկեղեցական իշխանութիւնը եւ ո՛չ ալ ժողովուրդը հասկացողութիւն կը ցուցաբերեն անոնց գործունէութեան։ Մարիամ Թերեզա կ՝ունենայ միսթիք ապրումներ եւ երեւումներ։ Հոգեւոր հայրը՝ Հայր Ճոզըֆ Վիթայաթիլ խորհուրդ կու տայ հիմնել կրօնաւորական հասարակութիւն մը։ Ապա եպիսկոպոսը կ՝արտօնէ Սուրբ Ընտանիքի Քոյրերու Միաբանութեան հիմնարկումը։ Միաբանութեան գլխաւոր նպատակներն էին՝ երիտասարդուհիներու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, հիւանդներու եւ կարիքաւորներու խնամքը, զուգահեռ աղօթքի եւ խոկումի։ Քոյր Մարիամ Թերեզա կը ղեկավարէ միաբանութիւն 12 տարի։ Կը մահանայ 1926ի յունիսի 8ին։ Անոր միաբանութիւնը տարածուած է շատ մը երկիրներու մէջ։ 2000 թուականին միաբանութիւնը ունէր 1592 քոյրեր եւ 119 նորընծաներ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2019, 12:43