Որոնել

ֆրանչիսկոս Պապ ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքը . «Ծառայել Մարթայի ձեռքերով եւ Մարիամին սրտով»։

Օրուան ընթացքին դադար մը առնել, ամփոփուիլ լռութեան մէջ տեղ տալու համար Տիրոջ որ կ՚անցնի, եւ քաջութիւնն ունենալ պահ մը Անոր հետ առանձին համենալու, ապա վերադառնալու համար առօրեային՝ աւելի հանդարտութեամբ եւ արդիւնաւէտ կերպով։»

Կիրակի, 21 յուլիսին, Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանեց օրուան Սուրբ Աւետարանի ընթերցուածը, որ մեզի կը պատմէ Մարթա եւ Մարիամ երկու քոյրերու Յիսուսի տուած հիւրընկալութիւնը (Ղուկ ժ. 38-42)։ Ղուկաս աւետարանիչ կը պատմէ թէ ինչպէս Յիսուս կ՚այցելէ իր բարեկամ Ղազարոսի տունը։ Մարիամ նստած Յիսուսի մօտ կ՚ունկնդրէ վարդապետին խօսքերուն։ «Ան չուզեր կորսնցնել Յիսուսի խօսքերէն ոչ մին» ըսաւ Սրբազան Հայրը, եւ յորդորեց որ «մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, ինչպէս Մարիամի համար, պէտք չէ ըլլան որեւէ զբաղմունքներ կամ մտահոգութիւններ որոնք կրնան մեզ Աստուածային Վարդապետէն հեռու պահել։ Ամէն ինչ մէկ կողմ պէտք է դրուի, երբ Ան կու գայ այցելելու մեր կեանքը, Անոր ներկայութիւնը եւ Անոր խօսքերը ամէն բանէ առաջ են։ Տէրը մեզ կը զարմացնէ միշտ, երբ մենք իսկապէս լսելու պատրաստ ենք, ամպերը կը փարատին, կասկածները զիջին ճշմարտութեան, վախերը՝ հանդարտութեան, եւ կեանքի տարբեր վիճակները կը գտնեն պատշաճ տեղը։»

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Պապը շարունակեց մեկնաբանութիւնը, նկատելով, թէ այս պատմուածքին մէջ Ղուկաս աւետարանիչ մեզի ցոյց կու տայ հաւատացեալի աղօթական կեցուածքը, որ գիտէ կանգ առնել Վարդապետի ներկայութեան լսելու համար զայն եւ ներդաշնակուիլ Անոր հետ։ Այս կը նշանակէ «օրուան ընթացքին դադար մը առնել, ամփոփուիլ լռութեան մէջ տեղ տալու համար Տիրոջ որ կ՚անցնի, եւ քաջութիւնն ունենալ պահ մը Անոր հետ առանձին համենալու, ապա վերադառնալու համար առօրեային՝ աւելի հանդարտութեամբ եւ արդիւնաւէտ կերպով։»

Յիսուս կը գովէ Մարիամի կեցուածքը, որ «ընտրեց լաւագոյնը»։ Ան կարծես մեզմէ իւրաքանչիւրին կը կրկնէ. «Մի մխրճուիր զբաղմունքներու մէջ, այլ նախ եւ առաջ լսէ Տիրոջ ձայնը, որպէսզի կարենաս կեանքին քեզի տուած պարտականութիւնները աւելի լաւ կերպով կատարել»։

Ապա կը տեսնենք երկրորդ քրոջ Մարթայի կերպարը։ Ղուակաս աւետարանիչ կը պատմէ թէ ան զբաղած էր հիւրասիրութեամբ։

«Ապահովաբար այս կինը ունէր հիւրասիրութեան շնորհապարգեւը» ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ աւելցուց, թէ «երբ Մարիամ կ՚ունկնդրէր Յիսուսի, Մարթա տարուած էր շատ մը ծառայութիւններով»։ Ասոր համար է որ Յիսուս անոր կ՚ըսէ. «Մարթա, Մարթա, դուն շատ բաներու համար կը յոգնիս եւ կը յուզուիս»։ Այս խօսքերով Յիսուս չ՚ուզեր դատապարտել ծառայելու կեցուածքը, այլ ընդհակառակը՝ այն յոգնեցուցիչ վիճակը որով երբեմն կը կատարուի ծառայութիւնը։ Մենք ալ կը բաժնենք Մարթայի մտահոգութիւնները, հետեւելով անոր օրինակին՝ մեր ընտանիքներուն եւ հասարակութիւններուն մէջ, ուր կ՚ապրինք հիւրընկալում եւ եղբայրութիւն, որպէսզի իւրաքանչիւրը, եւ մանաւանդ փոքրիկները եւ աղքատները զգան հարազատ։»

Սրբազան Հայրը եզրափակեց իր քարոզը ըսելով. «Հետեւաբար այսօրուան Աւետարանը մեզի կը յիշեցնէ թէ սրտի իմաստութիւնը կը կայանայ այս երկու տարրերը, ներանձնութիւնը եւ գործը միաձուլելու մէջ։ Մարթա եւ Մարիամ մեզի ցոյց կու տան ճանապարհը։ Եթէ կ՚ուզենք կեանքը վայելել ուրախութեամբ, պէտք է համատեղենք այս երկու կեցուածքները, մնալով Յիսուսի մօտ՝ լսելու անոր խօսքը երբ մեզի կը քօղազերծէ ամէն բանի գաղտնիքը, եւ ըլլալ հոգատար եւ պատրաստ հիւրընկալելու, երբ Ան կ՚անցնի եւ կը բախէ մեր դուռը, բարեկամի դիմագիծով որ կարիքն ունի հանգիստի եւ եղբայրութեան պահի մը։»

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտեց դիմելով Աստուածածնի. «Ամենասուրբ Մարիամ, Մայր Եկեղեցւոյ, տուր մեզի շնորհքը որ սիրենք Տիրոջ եւ եղբայրներուն ծառայել Մարթայի ձեռքերով եւ Մարիամի սրտով, որպէսզի միշտ ունկնդրելով Քրիստոսի կարենանք ըլլալ խաղաղութեան եւ յոյսի արհեստաւորներ»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2019, 12:30