Սկաուտներ Սկաուտներ 

27 Յուլիսին սկիզբ կ՛առնէ Եւրոպայի կաթողիկէ Սկաուտներու ուխտագնացութիւնը։ 3 Օգոստոսին հանդիպում Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Ութը օր տեւող սկաուտական ուխտագնացութիւնը պիտի անցնի Սուրբ Պենետիկտոս եւ Սուրբ Ֆրանչիսկոս՝ սուրբերու «ուղիներէն»:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր 27 Յուլիսին սկիզբ կ՛առնէ Եւրոպայի 21 երկիներէ 16 – 21 տարեկան երիտասարդ կաթողիկէ սկաուտներու ուխտագնացութիւնը  - Euromoot -  որ 3 օգոստոսին իր աւարտը կը գտնէ  Վատիկանի մէջ,  Ֆրանչիսկոս Պապին հետ նախատեսուած հանդիպումով, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի հետ կայացած անոնց հանդիպումէն 25 տարիներ ետք։  

Ունկնդրէ լուրը

Ութը օր տեւող սկաուտական ուխտագնացութիւնը պիտի անցնի  Սուրբ Պենետիկտոս եւ Սուրբ Ֆրանչիսկոս՝ սուրբերու «ուղիներէն»  որպէս պաշտպան սուրբեր ունենալով նախ Սուրբ Պօղոսը, ապա Սիենայի Սրբուհի Կատարինէն հուսկ Նորչայի Սուրբ Պենետիկտոսը եւ Ասսիզիի աղքատիկ սուրբը՝ Ֆրանչիսկոս։

Ուխտագնացութեան ընթացքին մասնակիցները առիթ պիտի ունենան զրուցելու ու գաղափարներ փոխանակելու Եւրոպայի հիմնական արժէքներու շուրջ, ինչպէս մարդկային արժանապատուութեան, ազատութեան ու արդարութեան պաշտպանութիւնը։

Բացի եւրոպայէն հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Արժանթինէն (20 հոգի), Քանատայէն (17) Պրազիլէն  (7) ու Մեքսիքայէն (6) երիտասարդներ։

Ուխտագնացութեան ամէն մէկ օրը նուիրուած է յատուկ նիւթի՝ 28 Յուլիսը Եւրոպայի, 29-ն՝ ճանապարհի, 30-ը՝ հաւատքի, 31-ը՝ ծառայութեան, օգոստոս մէկը նուիրուած է քաղաքացիութեան , օգոստոս 2ն հասարակութեան ու երեքը Եկեղեցւոյ սրտին։

Նշենք թէ Եւրոպայի Սկաուտները համախմբող միջազգային կազմակերպութիւնը «Uigse-Fse» 2003-ին՝ աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդի կողմէ ճանաչուեցաւ  որպէս Քահանայապետական իրաւունքով հաւատացեալներու սեփական ընկերակցութիւն։

1956-ին Գերմանիոյ Քոլոնիա քաղաքին մէջ հիմնուած վերոնշեալ կազմակերպութիւնը համայն աշխարհին մէջ ունի 70 հազար անդամներ։ Ան միաւորում է կաթողիկէ ընկերակցութիւններու սակայն, համամիութենական հոգիով կ՛ընկալէ նաեւ աւետարանական ու օրթոտոքս ընկերակցութիւններ։

Յառաջիկայ 3 օգոստոս 2019-ին, 25 տարիներ առաջ, Սուրբ Պետրոսի մէջ, սկաուտներուն Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանոնք կը հիւրընկալէ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ  անոնց  շնորհելով հրապարակային ունկնդրութիւն։

1994-ին Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ թելադրած էր  «Դուք կանչուած էք մասնակցելու  ժողովուրդներու Եւրոպայի կառուցման, որպէսզի ամէն մէկ մարդու ճանչցուի Աստուծմէ սիրուած զաւկի արժանապատուութիւնը եւ որպէսզի հիմնադրուի ընկերութիւն մը՝ որ հիմնուած ըլլայ զօրակցութեան ու եղբայրական սիրոյ վրայ։

Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի հանդիպումը սկաուտներուն հետ
Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի հանդիպումը սկաուտներուն հետ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2019, 11:38