Որոնել

Բնապահանութիւն Բնապահանութիւն 

«Գովեալ Ըլլաս» հասարակութիւններու Բ համախմբումի ուղղուած Քահանայապետական պատգամ։

«Գովեալ ըլլաս» հասարակութիւնները յանձնառու են տարածելու՝ Քահանայապետի բնապահպանութեան նուիրուած «Laudato si’ – գովեալ ըլլաս» շրջաբերականի մտածողութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 6 Յուլիս 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղեց Ամաթրիչէի մէջ կազմակերպուած «Գովեալ ըլլաս» հասարակութիւններու Բ համախմբումին։

Ունկնդրէ լուրը

«Գովեալ ըլլաս» հասարակութիւնները շարժում մըն են կազմուած  մարդոցմէ եւ ընկերակցութիւններէ որոնք յանձնառու են տարածելու՝ Քահանայապետի բնապահպանութեան նուիրուած «Laudato si’ – գովեալ ըլլաս» շրջաբերականի մտածողութիւնը։ Անոնք որդեգրած են Քահանայապետական փաստաթուղթին արժէքներուն համապատասխանող ապրելաոճ մը, ըլլայ անհատական, ըլլայ հասարակական գետնի վրայ, ու այս մէկը կը ծաւալեն հանդիպումներու, խորհրդաժողովներու ու այլ գործնական  ձեռնարկներու միջոցաւ։

«Գովեալ ըլլաս» հասարակութիւններու Բ համախմբումին ուղղած իր պատգամին մէջ Սրբազան Պապը ողջունելով մասնակիցները յիշեց թէ այդ հաւաքը տեղի կ՛ունենայ տարածքի մը վրայ որ թիրախ եղաւ 2016-ի օգոստոսին կեդրոնական Իտալիան հարուածող ահաւոր երկրաշարժին, սուղ գին վճարելով՝ ըլլայ զոհերու ըլլայ աւերներու բերումով։

«Ձեր հաւաքը Ամաթիրիչէի մէջ յոյսի նշան է» գրեց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով այդ քաղաքի բնակիչներուն, որոնք տակաւին կը տառապին ու կ՛ապրին ժամանակաւոր բնակարաններու մէջ, ու հաստատելով որ «բնութեան մէջ բացուած վէրքերը անխուսափելիօրէն ամենէ անպաշտպան մարդկութեան մէջ բացուած վէրքեր են», այս ծիրէն ներս մէջբերելով «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականէն հետեւեալը «կարելի չէ նոր յարաբերութիւն մը բնութեան հետ առանց նոր մարդ անհատի մը։ Չկայ բնապահպանութիւն առանց  պատշաճ կենսաբանութեան»։

Սրբազան Հայրը ակնարկեց ապա անցեալ տարուայ նիւթին հայող «պլաստիկ»ին որ կը «խեղդէ մեր մոլորակը», ինչպէս նաեւ այս տարուայ նիւթին հայող Ամազոնեան տարածաշրջանին ու այնտեղ ապրած ժողովուրդներուն։

Նորին Սրբութիւնը այս ծիրն ներս շեշտը դրաւ Ամազոնեան տարածաշրջանի ապրած տագնապներուն վրայ որ պտուղն է «կոյր եւ կործանիչ մտածելակերպի» որ կը նախընտրէ շահը քան արդարութիւնը։

«Մի մոռնաք որ բնապահպանական ու ընկերային արդարութիւնը իրար մէջ խորապէս շաղկապուած են» գրեց Սրբազան Պապը դիտել տալով որ Ամազոնեան տարածաշրջանին մէջ պատահածը մեծ հետեւանքներ ունի մոլորակային մակարդակով ու արդեն կ՛արհամարհէ հազարաւոր մարդոց ու կիներու իրաւունքը, որոնցմէ կը խլուի հողը, զանոնք դարձնելով օտարական իրենց իսկ տան մէջ, անոնցմէ կը խլուի սեփական մշակոյթ ու աւանդութիւնները, խախտելով ժողովուրդներու ու հողին միջեւ գոյութիւն ունեցող հազարամեայ հաւասարակշռութիւնը։

«Մարդս կարող չէ մնալ անտարբեր ականատես մը ու եկեղեցին եւս կարող չէ մնալ լռելեան» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ժողովականներուն յանձնելով երեք բառեր փառաբանութիւն, հաղորդութիւն եւ խնայողութիւն։

«Արարչութեան բարիքին դիմաց հարկաւոր է ունենալ փառաբանութեան կեցուածք ու յարգանք ստեղծագործութեան նկատմամբ», գրեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով որ ամէն ինչ մեզի պարգեւուած է ձրիութեամբ ոչ թէ զայն յօշոտելու համար այլ զայն նուիրելու ուրիշներուն, ուստի հարկաւոր է ունենալ խնայողութեան վարուելակերպ մը, հրաժարիլ բանէ մը՝ աւելի մեծ բարիքի եւ ուրիշներու բարիքին ի նպաստ։

Թող որ «Գովեալ ըլլաս» հասարակութիւնները ըլլան սերմ՝ աշխարհը ապրելու նորոգուած  ոճի, անոր պարգեւելու համար ապագայ մը, եւ ամէն մէկ արարչութեան գեղեցկութեան  ու ամբողջականութեան բարիքը պահպանելու, ի փառս Աստուծոյ» մաղթանք յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու պատգամը աւարտեց բոլորին շնորհելով իր օրհնութիւնները ու խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2019, 11:06