Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի ԵՀՕ - 2013 Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի ԵՀՕ - 2013 

Ֆրանչիսկոս Պապին առաջին առաքելական ճամբորդութեան 6-րդ տարեդարձը։

22 Յուլիսին կը յիշատակուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ռիօ Տէ Ժանէյրօ կատարած առաքելական առաջին ճամբորդութեան տարեդարձը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

2013-ի Յուլիս 22-29 Նորընտրեալ քահանայապետը մեկնած էր Ռիօ Տէ Ժանէյրօ նախագահելու համար Երիտասարդութեան Համաշխարհային 28-րդ հաւաքը, որուն բնաբանն էր «Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը», ու քաղուած էր Մատթէոսի աւետարանէն  (28, 19)։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետական այդ առաջին ճամբորդութիւնը կազմակերպուած էր իր նախորդին՝ Պենետկկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի օրով, սակայն վերջինիս 11 փետրուար 2013-ին ներկայացուցած հրաժարականով ու Ֆրանչիսկոս Պապին ընտրութեամբ, Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ նշուած ԵՀՕ 28-րդ հաւաքը հանդիսացաւ Ֆրանչիսկոս Պապին իտալիայի սահմաններէն դուրս որպէս Քահանայապետ կատարած առաջին միջազգային ճամբորդութիւնը։

Նշենք թէ մինչեւ օրս, 6 տարուայ Քահանայապետական շրջանի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իրագործած է  30 առաքելական ճամբորդութիւններ, որոնց շարքին է նաեւ 2016-ի Յունիս 24-26 Հայաստան կատարած առաքելական պատմական ճամբորդութիւնը։ Սոյն ճամբորդութիւններու ընթացքին Ան այցելած է  40-է աւելի երկիրներ ու կը պատրաստուի յառաջիկայ 4էն 10 սեպտեմբերին,  31-րդ առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, հովուական այցելութիւն կատարել հետեւեալ  երկիրներ՝ Մոզամպիք, Մատակասքար եւ Մաուրիցիուս։

Այս առթիւ յիշենք նաեւ որ Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետն է որ եղաւ առաջին Քահանայապետը որ Ի դարու ընթացքին Իտալիոյ սահմաններէն դուրս կատարեց առաքելական ճամբորդութիւններ։ Ընդամէնը ինը ճամբորդութիւն, որոնց առաջինը հանդիսացաւ Յորդանանի եւ Իսրայէլի ճամբորդութիւնը 1964-ին, իսկ վերջինը ընդգրկեց  Իրանը, Փաքիստանը, Ֆիլիփինեան կղզիները, Սամոէ կղզիները, Աւստրալիան, Ինդոնեզեան, Հոնք Քոնկը եւ Սրի Լանքան։

Անոր յաջորդներէն Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը իր գրեթէ 25 տարիներու Քահանայապետութեան ընթացքին իրագործեց 104 առաքելական այցելութիւններ մինչ Պենետիկտոս ԺԶ-ը՝ 7 տարուայ Քահանայապետութեան ընթացքին կատարեց 24 առաքելական ճամբորդութիւններ, որոնցմէ վերջինը հանդիսացաւ Լիբանանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2019, 08:03