Ֆրանչիսկոս Պապ – Փութին հանդիպում: Ֆրանչիսկոս Պապ – Փութին հանդիպում: 

Ֆրանչիսկոս Պապ – Փութին. ջերմ եւ գոհացուցիչ հանդիպում:

4 Յուլիսին Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Բնապահպանութեան հարցը, ու միջազգային ժամանակակից խնդիրները, յատկապէս Սուրիոյ, Ուքրանիայի  եւ Վենեզուելլայի տագնապները, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կեանքի հայող համապատասխան հարցերը, առանցքը կազմեցին Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Վլատիմիր Փութինի միջեւ, Վատիկանի առաքելական պալատի մէջ, 4 յուլիսին կայացած հանդիպումին, որ Սուրբ Աթոռի Ժամանակաւոր բանբեր Տիար Ալեսսանտրօ Ճիոզոթթի Քահանայապետի խօսքերով  նկատեց «ջերմ եւ գոհացուցիչ»։

Ունկնդրէ լուրը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը առաքելական պալատ ժամանեցին 4 Յուլիսի ժամը 14-ին, հանդիպում ունենալով նախ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ, ապա Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը՝ գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Ռուսական պատուիրակութեան այցելութեան առթիւ ստորագրուեցաւ նաեւ  «փոխըմբռնման համաձայնագիր» հայող Պամպինօ Ճեզու – Մանուկ Յիսուս եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան մանկաբուժարաններու միջեւ համագործակցութեան։

Նշենք թէ այս երրորդ անգամն է որ  տեղի կ՛ունենայ Վլատիմիր Փութինի ու Ֆրանչիսկոս Պապին միջեւ հանդիպում մը։ Առաջինը հանդիսացաւ՝ 25 նոյեմբեր 2013-ի հանդիպումը, որուն առանցքը կազմած էին Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հետապնդումը, Սուրիոյ ծանր իրավիճակը ու այդ ուղղութեամբ բռնութիւններու դադրեցումը ու մարդկայնական օգնութեան մատակարարումը, ինչպէս նաեւ հակամարտութիւններու խաղաղ լուծման հետապնդումը։

Երկրորդ հանդիպումը կայացաւ 10 Յունիս 2015-ին որպէս կեդրոնական  նիւթ ունենալով միշտ Միջին Արեւելքի կացութիւնը ու նաեւ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատումին ջանքերը։ Այս ծիրէն ներս ընդգծուած էր հարկաւորութիւնը «կառուցելու երկխօսութեան մթնոլորտ մը» մարդասիրական իրավիճակը բարելաւելու նպատակի յանձնառումով։

Հռոմ կատարած այցելութեան ծիրէն ներս Նախագահ Փութին հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Սերճօ Մաթթարելլայի հետ ու Վարչապետ Ճուզեփփէ Քոնդէի հետ։

Նախագահ Փութին Վատիկանի մէջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2019, 07:30