Սուրբ Յովակիմ եւ Սրբուհի Աննա՝ Յիսուսին պապիկն ու մամիկը Սուրբ Յովակիմ եւ Սրբուհի Աննա՝ Յիսուսին պապիկն ու մամիկը 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Պապիկներն ու Մամիկները կը փոխանցեն հաւատքի ու մարդկայնութեան ժառանգութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապը յաճախ յիշեցուցած է թէ տարեցները համայն մարդկային հասարակութեան համար իմաստութեան աղբիւր են

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

26 Յուլիսին Լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ՝ Սուրբ Յովակիմ եւ Սրբուհի Աննա՝ Յիսուսին պապիկին ու մամիկին ծիսական տօնը։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քահանայապետական «Ինսթակրամ» ընկերային ցանցին վրայ հրապարակեց հետեւեալ գրառումը.  «Այսօր Սուրբ Յովակիմ եւ Աննայի տօնին առթիւ, բազմաթիւ երկիրներու մէջ կը տօնախմբուի պապիկներու եւ մամիկներու տօնը։ Որքա՜ն կարեւոր են անոնք ընտանիքի կեանքէն ներս, հաղորդելու համար հաւատքի ու մարդկայնութեան ժառանգութիւնը, որ հիմնական է ամէն մէկ ընկերութեան համար»։

Ունկնդրէ լուրը

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապը յաճախ  յիշեցուցած է թէ տարեցները համայն մարդկային հասարակութեան համար իմաստութեան աղբիւր են, յատկապէս այն բազմազբաղ, մտացիր ու անուշադիր ընկերութեան համար։ Հարկաւոր է առ այդ աղօթել տարեցներուն համար որոնք երկրի մը, ազգի մը յիշողութիւնն են ու անոր իմաստութիւնը եւ այս առընչութեամբ է որ Նորին Սրբութիւնը միշտ յորդորած է որ սերտ կապ հաստատուի տարեցներու ու նոր սերունդներու միջեւ, տրուած ըլլալով որ առաջինները յիշողութիւնն են ու երկրորդները ապագան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2019, 08:04