Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Ուքրանիայի Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մնայուն սիւնհոդոսի անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Ուքրանիայի Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մնայուն սիւնհոդոսի անդամներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Ուքրանիայի Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մնայուն սիւնհոդոսի անդամներուն։

Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց յանձնարարելով ապրիլ հոգեւոր ու աղօթքի կեանք, ապա մօտիկութիւն՝ յատկապէս տառապողներուն նկատմամբ, հուսկ սիւնհոդոսականութիւն՝ քալել միասին:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ՝ 5 Յուլիսի առաւօտեան, Առաքելական Պալատի Պոլոնիա դահլիճին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ՝ ընդունելով Ուքրանիայի Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մնայուն Սիւնհոդոսի անդամները անոնց ուղղած իր  խօսքին մէջ յայտնեց թէ անոնց Հռոմ ժամանելուն ուղղուած հրաւէրը իղձ է «եղբայրական բաժնեկցութեան»,  ի տես Ուքրանիայի ապրած դժուար իրավիճակին՝ հակամարտութեան, որուն զոհերն են նախ եւ առաջ փոքրերը։

Ունկնդրէ լուրը

«Ձեզ կը կրեմ իմ սրտիս մէջ ու կ՛աղօթեմ ձեզի համար սիրելի Ուքրանացի Եղբայրներ», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց, Տիրոջ ու Պետրոսի յաջորդին նկատմամբ ունեցած հաւատարմութեան համար, հակառակ ամէն ինչի։

Ան ապա Տիրոջմէ հայցեց որ ընկերանայ Ուքրանիայի քաղաքական պատասխանատուներու գործունէութեան, «որպէսզի չի հետապնդեն «սեփական» շահեր, այլ հասարակաց բարիքը՝ խաղաղութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը, մինչ Աստուծմէ՝ որ «ամէն մխիթարութեան Աստուածն է, կը խնդրեմ  որ սփոփէ սրտերն անոնց որոնք պատերազմի պատճառաւ կորսնցուցին իրենց սիրելիները, անոնց որոնք իրենց մարմնին ու հոգւոյն մէջ կը կրեն վէրքեր, անոնց որոնք ստիպուած եղան թողուլ տուներ ու աշխատանք, ապագան փնտռելով այլուր»… աւելցուց  Նորին Սրբութիւնը, ապա խօսքը կեդրոնացուց Եկեղեցւոյ դերակատարութեան վրայ, հակամարտութիւններէն յարուցուած բարդ իրավիճակներուն ընթացքին, հաստատելով թէ «ան պէտք է ընծայէ քրիստոնէական յոյսի վկայութիւնը, որ աշխարհի յոյսին չի նմանիր, այլ անխափան յոյս մը՝ որ գիտէ շրջանցել ամէն մէկ նեղութիւն, Սուրբ Հոգւոյն անուշ ուժով»։

«Յոյս՝ որ սնուցուած է Քրիստոսի լոյսէն» նշեց Քահանայապետը խրախուսելով ներկաներն ու քրիստոնեաները միշտ խարսխուած ու միացած ըլլալու Յիսուսին «որ մեր Յոյսն է», եւ այս ընել օրինակ առնելով պատմութեան հաւատքի վկաներէն, «որոնք Երանութիւններու հեզութեան մէջ ողջագուրեցին  քրիստոնէական քաջութիւնը, սիրելով թշնամիները ու աղօթելով զիրենք հալածողներուն համար» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ  ու ակնարկեց Ուքրանիայի Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսի հովուական ծրագիրին, հայող ժողովրդապետութիւններուն, որոնք պէտք է ըլլան Քրիստոսի հետ հանդիպումի վայրեր, այդ ուղղութեամբ յորդորելով ներկաները իրենց առաջնահերթ մտահոգութիւններու շարքին դասելու աղօթքը ու հոգեւոր կեանքը։

Ան ապա նշեց որ Եկեղեցին կանչուած է զանազան միջոցներով իրագործելու իր հովուական առաքելութիւնը ու աղօթքէն ետք կու գայ մօտիկութիւնը, զոր նոյնինքն Տէրը խնդրած է առաքեալներէն. «Մօտիկ ըլլալ ժողովուրդին, հսկել անոնց հետ, որոնք կ՛ապրին ցաւի անձկութիւնը։

«Մօտիկութիւնը ջրանցք մըն է, որ կը կառուցի օրէ օր. եւ որ յոյսի կենդանի ջուրը կը կրէ իր մէջ։ Ան կը կերտուի հանդիպումներով, մարդոց մտահոգութիւնները կիսելով, անոնց խնամք տանելով ու ապրելով Աւետարանը։ Հովիւները պէտք չէ միայն «Աստուած» ըսեն, այլ պէտք Աստուած պարգեւեն, իրենց կարգին նուիրելով իրենք զիրենք ու վկայելով Յոյսի Աստուածը, որ մարդեղացաւ քալելու համար մարդոց ճանապարհներուն վրայ» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

«Եկեղեցին թող ըլլայ յոյսի ակնաղբիւր՝ ուր դուռը միշտ բաց ըլլայ, ու կարելի է ընդունիլ մխիթարութիւն ու քաջալերանք» յորդորեց ապա Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դնելով նաեւ ծիսակատարութեան կարեւորութեան վրայ որ Ուքրանիայի Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յատկանիշներէն  մին է։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց նաեւ 2016-ին, Ուքրանիայի ի նպաստ  իր կողմէ նախաձեռնուած մարդասիրական ձեռնարկին, շնորհակալութիւն յայտնելով Եւրոպայի Եկեղեցիներուն , որոնք իրենց օգնութիւնները մատուցեցին այդ ուղղութեամբ։  Ան ապա աղօթքի ու մօտիկութեան աւելցուց ալ բառ մը՝ «սիւնհոդոսականութիւն»,  հաստատելով որ «Եկեղեցի ըլլալ կը նշանակէ ըլլալ միասին քալող հասարակութիւն մը» ու թէ «բաւարար չէ միայն սիւնհոդոս մը ունենալ, այլ հարկաւոր է սիւնհոդոս ըլլալ»։

«Եկեղեցին կարիք ունի երկխօսութեան ընդմէջ հովիւներուն ու նաեւ հովիւներուն ու հաւատացեալներուն միջեւ» հաստատեց Սրբազան Պապը առաջարկելով միասին քալել  ու այդ ծիրէն ներս մատնանշելով սիւնհոդասականութիւնը խրախուսող երեք երեւոյթներուն. «ունկնդրութիւն, միասնական պատասխանատուութիւն,  ու միասին քալելը», որուն ծիրէն ներս պէտք է ներգրաւել նաեւ աշխարհական հաւատացեալները որոնք լիիրաւ մաս են Եկեղեցւոյ։

Ի վերջոյ Սրբազան Պապը հաստատեց որ Եկեղեցւոյ միութիւնը կ՛ըլլայ նոյնքան պտղաբեր որքան անոր միութիւնն ու համաձայնութիւնը Սուրբ Աթոռի եւ միւս եկեղեցիներուն հետ ըլլայ իրական։

Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց  յանձնարարելով  ապրիլ հոգեւոր ու աղօթքի կեանք, ապա մօտիկութիւն՝ յատկապէս տառապողներուն նկատմամբ, հուսկ սիւնհոդոսականութիւն՝ քալել միասին, «բաց ընթացք մը, խոնարհութեամբ եւ հեզութեամբ» յարեց Սրբազան Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2019, 14:17