Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ուքրանիայի Աւագ Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Շեվչուքի հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Ուքրանիայի Աւագ Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Շեվչուքի հետ 

Ուքրանիայի Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մնայուն սիւնհոդոսի անդամները Վատիկանի մէջ։

Մնայուն Սիւնհոդոսի անդամները Վատիկանի վերին իշխանութեան պատասխանատուներուն հետ միասին, 5 եւ 6 Յուլիսին, կը մասնակցին յատուկ մէկ խորհրդաժողովի մը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 5 Յուլիս 2019-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին Առաքելական պալատի Պոլոնիա անուամբ դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Ուքրանիայի Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մնայուն սիւնհոդոսի անդամներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Անոնք արդարեւ Հռոմ ժամանած են Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրով «ի տես այն նուրբ եւ բարդ իրավիճակին որուն մէջ կը գտնուի Ուքրանիան»։

Մնայուն Սիւնհոդոսի անդամները Ուքրանիոյ Աւագ Արքեպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ Վատիկանի վերին իշխանութեան պատասխանատուներուն հետ միասին, 5 եւ 6 Յուլիսին, կը մասնակցին յատուկ մէկ խորհրդաժողովի։

Վերոնշեալ հրաւէրով Սրբազան Պապը կը փափաքի իր մօտիկութիւնը արտայայտել Ուքրանիայի Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ որ իր հովուական առաքելութիւնը կը կատարէ ըլլայ մայր հայրենիքի մէջ ըլլայ աշխարհի այլ վայրերու մէջ։

Հանդիպումը կը հանդիսանայ առիթ աւելի խոր վերլուծումներ կատարելու Ուքրանիայի կեանքի ու կարիքներու նկատմամբ ու քննարկելու ձեւերը որով Կաթողիկէ Եկեղեցին, ու յատկապէս Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցին, միշտ աւելի պատշաճ կերպով նուիրուի Աւետարանի քարոզութեան, ու սատարը բերէ տառապողներու ամոքումի ու խաղաղութեան խթանումի գործընթացին, համագործակցութեամբ  քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիներուն հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2019, 11:37