Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին 28 Յուլիսի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը. «Հայր Մեր» աղօթքը

«Երբ կ՚աղօթէք՝ ըսէ՛ք. “Հա՛յր մեր՝ որ երկինքն ես՝՝, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ, ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ՝՝:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 28 Յուլիսի  կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Սովորութեան համաձայն Նորին Սրբութիւնը նախ քան աղօթքը արտասանելը ներկայացուց օրուան աւետարանէն (Ղուկաս 11, 1-13) քաղուած խորհրդածութիւն մը, ուր  կը խօսուի Յիսուսին աշակերտներուն սորվեցուցած «Հայր Մեր» աղօթքի մասին։

«Երբ տեղ մը կ՚աղօթէր, դադրելէն ետք իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ իրեն. «Տէ՛ր, աղօթե՛լ սորվեցուր մեզի, ինչպէս Յովհաննէս սորվեցուց իր աշակերտներուն»:

Ուստի ըսաւ անոնց. «Երբ կ՚աղօթէք՝ ըսէ՛ք. “Հա՛յր մեր՝ որ երկինքն ես՝՝, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ, ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ՝՝:

Մեր ամէնօրեայ հացը՝ տո՛ւր մեզի օրէ օր. ներէ՛ մեզի մեր մեղքերը, քանի որ մենք ալ կը ներենք բոլոր անոնց՝ որ պարտապան են մեզի. ու մի՛ տանիր մեզ փորձութեան, հապա ազատէ՛ մեզ Չարէն՝՝ ”»:

Նաեւ ըսաւ անոնց. «Եթէ ձեզմէ մէկը՝՝ բարեկամ մը ունենայ, ու կէս գիշերին երթայ անոր եւ ըսէ. “Բարեկա՛մ, ինծի երե՛ք նկանակ փոխ տուր.  որովհետեւ մէկ բարեկամս ճամբորդած ատեն ինծի եկաւ, եւ ոչինչ ունիմ՝ անոր հրամցնելու”,  ու եթէ ան ներսէն պատասխանէ. “Զիս մի՛ անհանգստացներ. արդէն դուռը գոցուած է, ու զաւակներս իմ քովս՝ անկողինին մէջ են. չեմ կրնար կանգնիլ եւ քեզի հաց տալ”,  կը յայտարարեմ ձեզի. “Թէեւ բարեկամութեան համար ոտքի չելլէ՝ անոր տալու, անոր պատճառած տաղտուկին՝՝ համար պիտի կանգնի ու պէտք եղածը տայ անոր”:

«Այս աղօթքով աստուածային վարդապետը՝ մեզի թողուց իր երկրային առաքելութեան ամենէ թանկարժէք ժառանգութիւններէն մին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով նաեւ որ «այդ աղօթքով Յիսուս՝ որ մեզի յայտնեց իր Որդիական ու եղբայրի խորհուրդը, մեզ կը ներմուծէ Աստուծոյ Հայրութեան մէջ, ու մեզի ցոյց կու տայ Աստուծոյ հետ անմիջական աղօթարար երկխօսութեան մէջ մտնելու ձեւը։

Աղօթքը արդարեւ վերացական իրողութիւն մը չէ, երկխօսութիւն է, մտերմիկ խօսակցութիւն է Հօր հետ։

«Այն ինչ որ կը հայցենք Հայր Աստուծմէ իրագործուած է արդեն ու մեզի պարգեւուած է Միածին Որդոյն միջոցաւ.  Անունի սրբութիւնը, Թագաւորութեան գալուստը, հացի, ներումի ու չարէն ազատագրումի պարգեւը» յարեց ապա Սրբազան Հայրը հաստատելով որ «Յիսուսին մեզի սորվեցուցած այս աղօթքը ամփոփումն է բոլոր աղօթքներուն»։

Ան ապա  մատնանշեց թէ ինչպէս Աւետարանիչը Հայր Մեր աղօթքին կը կապէ անհանգստացնող մարդուն առակը, որ գիշերանց կը բախէ բարեկամին դուռը անորմէ օգնութիւն պահանջելով ու այս վերջինս անոր պատճառած տաղտուկէն ազատելու համար կ՛իրագործէ անոր խնդրանքը։

«Յիսուս ուրեմն կը քաջալերէ մեզ նոյն վարուելակերպը ունենալու աղօթքին մէջ՝ յարատեւողականութիւն» ըսաւ Քահանայապետը մէջբերելով Յիսուսին խօսքերը.

“Խնդրեցէ՛ք՝ եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք՝ ու պիտի գտնէք. դուռը բախեցէ՛ք՝ եւ պիտի բացուի ձեզի:  Որովհետեւ ո՛վ որ խնդրէ՝ կը ստանայ, ո՛վ որ փնտռէ՝ կը գտնէ, եւ ո՛վ որ դուռը բախէ՝ պիտի բացուի անոր:  Եթէ որդի մը հաց ուզէ ձեզմէ ոեւէ մէկէն՝ որ հայր է, միթէ քա՞ր պիտի տայ անոր. կամ եթէ ձուկ ուզէ, միթէ ձուկին տեղ օ՞ձ պիտի տայ անոր.  կամ եթէ հաւկիթ ուզէ, միթէ կարի՞ճ պիտի տայ անոր:  Ուրեմն եթէ դո՛ւք որ չար էք՝ գիտէք ձեր զաւակներուն բարի նուէրներ տալ, ո՜րչափ աւելի ձեր Հայրը երկինքէն Սուրբ Հոգի՛ն պիտի տայ անոնց՝ որ կը խնդրեն իրմէ”»:

Ֆրանչիսկոս Պապ խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով դիմել Սուրբ Կոյս Մարիամէն՝ աղօթող կին, որպէսի օգնէ մեզի՝ աղօթելու Հայրը, միացած Յիսուսին, ու Աւետարանը ապրելու առաջնորդուած Սուրբ Հոգիէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2019, 12:08