Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

14 Յուլիսի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը «Բարի Սամարացին»։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յատուկէն անդրադառնալով Վենեզուելլական տագնապին ու անգամ մը եւս մօտիկութիւն արտայայտելով «Վենեզուելլայի սիրելի ժողովուրդին»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 14 Յուլիս 2019-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սովորութեան համաձայն իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական հատուածին վրայ, քաղուած Ղուկաս Աւետարանիչէն (Գլ 10, 25-37), ուր Յիսուս կը ներկայացնէ Բարի Սամարացիին առակը որպէս ուղի՝ ժառանգելու համար երկնքի արքայութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Ահա՛ օրինական մը կանգնեցաւ, ու փորձելով զայն՝ ըսաւ. «Վարդապե՛տ, ի՞նչ ընեմ՝ որ ժառանգեմ յաւիտենական կեանքը»: Ան ալ ըսաւ անոր. «Ի՞նչ գրուած է Օրէնքին մէջ, ի՞նչպէս կը կարդաս»: Ան պատասխանեց. «Սիրէ՛ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ ամբողջ սիրտովդ, ամբողջ անձովդ, ամբողջ զօրութեամբդ եւ ամբողջ միտքովդ, ու ընկերդ՝ քու անձիդ՝՝ պէս»: Ինք ալ ըսաւ անոր. «Շիտա՛կ պատասխանեցիր, ըրէ՛ ատիկա՝ ու պիտի ապրիս»: Իսկ ան՝ ուզելով արդարացնել ինքզինք՝ ըսաւ Յիսուսի. «Բայց ո՞վ է իմ ընկերս»:

Յիսուս պատասխանեց. «Մէկը Երուսաղէմէն Երիքով կ՚իջնէր եւ աւազակներու ձեռքը ինկաւ, որոնք մերկացուցին զայն, վիրաւորելով կիսամեռ թողուցին ու գացին:  Պատահեցաւ որ քահանայ մը իջնէ այդ ճամբայէն. տեսնելով զայն՝ միւս կողմէն անցաւ:  Նմանապէս Ղեւտացի մը հասնելով այդ տեղը՝ գնաց եւ տեսաւ, ու միւս կողմէն անցաւ:  Բայց Սամարացի մը՝ որ կը ճամբորդէր, եկաւ անոր քով, եւ տեսնելով զայն՝ գթաց:  Մօտեցաւ, փաթթեց անոր վէրքերը, վրան ձէթ ու գինի թափելով եւ իր գրաստին վրայ դնելով՝ տարաւ զայն պանդոկ մը, ու հոգ տարաւ անոր:  Հետեւեալ օրը՝ երբ կը մեկնէր անկէ, հանեց երկու դահեկան, տուաւ պանդոկապետին եւ ըսաւ անոր. «Հո՛գ տար ատոր, ու ի՛նչ որ աւելի ծախսես՝ պիտի վճարեմ քեզի երբ վերադառնամ»: Ուրեմն այս երեքէն ո՞վ կը կարծես թէ ընկերը եղաւ աւազակներու ձեռքը ինկողին»: Ան ալ ըսաւ. «Ա՛ն՝ որ կարեկցեցաւ անոր»: Ուստի Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛, դո՛ւն ալ նոյնպէս ըրէ»:

«Պատմուածքին դերակատարը Սամարացի մըն է ու սամարացիները ընդհանրապէս նախատուած էին հրեաներէն» յարեց Նորին Սրբութիւնը, դիտել տալով որ Յիսուս սամարացին ընտրելով որպէս պատմութեան դրական անձնաւորութիւն ուզեց շրջանցել  նախապաշարումները, ցոյց տալու համար որ նոյնիսկ օտարական մը որ չի ճանչնար իսկական Աստուածը կարող է ապրիլ Անոր կամքին համաձայն, կարեկցութիւն ցուցաբերելով իր եղբօր։

Առակի աւարտին Յիսուս օրէնսգէտին հարց կու տայ «Ուրեմն այս երեքէն ո՞վ կը կարծես թէ ընկերը եղաւ աւազակներու ձեռքը ինկողին»: Ան ալ կ՛ըէ . «Ա՛ն՝ որ կարեկցեցաւ անոր»: Այս եզրակացութիւնը ցոյց կու տայ որ ողորմութիւնը՝ հանդէպ մարդկային կարիք մէջ գտնուող մարդուն, սիրոյ իսկական դիմագիծ է։ Այդպէս որ կարելի է դառնալ Յիսուսին իսկական աշակերտները «Եղէք ողորմած ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրը ողորմած է»։

«Այսպէս է որ Աստուծոյ սիրոյ պատուիրանը կը դառնայ կեանքի միակ ու հետեւողական կանոն» ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ ու խորհրդածութիւնը  եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ օգնէ հասկնալու ու ապրելու այն անբաժանելի զօդը որ կայ ընդմէջ Աստուծոյ նկատմամբ սիրոյն ու մեր եղբայրներուն նկատմամբ գործնական եւ վեհանձն սիրոյն։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յատուկէն անդրադառնալով Վենեզուելլական տագնապին ու անգամ մը եւս  մօտիկութիւն արտայայտելով «Վենեզուելլայի սիրելի ժողովուրդին»։

«Աղօթենք Տիրոջ որպէսզի ներշնչէ ու լուսաւորէ կողմերը, որպէսզի ժամ մը առաջ յանգին համաձայնութեան մը՝ որ  վերջ դնէ մարդոց տառապանքին, երկրին ու համայն տարածաշրջանին բարիքին համար» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը որ ապա ողջոյնի խօսքեր ուղղեց Հռոմէն ու աշխարհի այլ երկիներէն ժամանած ուխտաւորներուն հուսկ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2019, 12:38