Լամփետուզայի այցի վեցերորդ տարեդարձին նուիրուած պատարագ Լամփետուզայի այցի վեցերորդ տարեդարձին նուիրուած պատարագ 

Լամփետուզայի այցելութեան 6-րդ տարեդարձին առթիւ Քահանայապետական պատարագ Ս. Պետրոսի մէջ։

«Լամփետուզա կատարած այցելութեան վեցերորդ տարեդարձին առթիւ, իմ մտածումս կ՛երթայ վերջիններուն, որոնք ամէն օր կ՛աղաղակեն Տիրոջ, խնդրելով որ ազատին զիրենք յօշոտող չարիքներէն»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր 7 Յուլիս 2019-ին կը յիշատակուի Ֆրանչիսկոս Պապին Իտալիոյ հարաւը գտնուող ու գաղթականներու դէպի Եւրոպա մուտքի վայր հանդիսացող Լամփետուզա կղզի կատարած պատմական այցելութեան 6-րդ տարեդարձը, որուն առթիւ Նորին Սրբութիւնը ուզեց Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ նախագահած յատուկ արարողութեամբ յիշատակել այդ եղելութիւնը ու մասնաւորապէս աղօթել բոլոր անոնց համար որոնք գաղթականութեան ճանապարհին վրայ կորսնցուցին իրենց կեանքը։

Ունկնդրէ լուրը

Առ այդ երկուշաբթի 7 Յուլիսի առաւօտեան 11.00-ին Սուրբ Պետրոսի վատիկանեան պազիլիքային մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ անմահ պատարագ զոր գլխաւորեց Ֆրանչիսկոս Պապը եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի տարբեր վայրերէ Հռոմ գտնուող եպիսկոպոսներ ու կղերականներ, որոնց շարքին էր նաեւ Արհ Տ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանը՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի թէմի փոխանորդը. Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ 250 գաղթականներ որոնք հիւրն են Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի ծառայութեան՝ գաղթականներու ու փախստականներու Վատիկանեան բաժանմունքին։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանելով սուրբ գրային ընթերցումները հաստատեց թէ այսօր՝ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կը խօսի փրկութեան ու ազատագրումի մասին ու ասկէ մեկնելով մեկնաբանեց Ծննդոց գիրքէն քաղուած (Ծննդոց 28, 10 -22) այն հատուածը որուն մէջ կը պատմուի Բեթելի մէջ  Յակոբին երազը, որուն մէջ ան կը տեսնէ սանդուխ մը որուն գլուխը երկնիք կը հասնէր ու Աստուծոյ հրեշտակները անկէ կ՛ելլէին ու կ՛իջնէին։

Սանդուխը, ըսաւ Սրբազան Պապը, կը ներկայացնէ մարդկայինի ու աստուածայինի միջեւ կապը որ կ՛իրականացուի Քրիստոսի մարդեղութեան մէջ։ Աստուած որ կ՛իջնէ ու կը փրկէ. Էմմանուէլը՝ Աստուած մեր հետ, որ կ՛իրականացնէ խոստումը, մարդեղացած՝ ողորմած ու  սիրոյ նշանին մէջ, որ առատօրէն կեանք կը պարգեւէ։

«Այս յայտնութեան դիմաց Յակոբը յանձնումի արարք մը կը կատարէ Տիրոջ, որ կը թարգմանուի ճանաչումի ու  երկրպագութեան յանձնառումի, որ փրկութեան պատմութեան մէջ կը յատկանշէ հիմնական պահ մը։ Ան Տիրոջմէ կը խնդրէ որ զինք պաշտպանէ դժուար ճանապարհորդութեան ընթացքին, Տիրոջ ըսելով «Տէրը ինծի Աստուած թող ըլլայ»(Ծննդոց 28,21).

«Տէրը արդարեւ ապաստան է այն հաւատացեալներուն որոնք զայն կը հայցեն անձկութեան մէջ։ Եւ ճիշդ  այդ պահերուն է որ մեր աղօթքը կը դառնայ աւելի բիւրեղացած, այն ժամանակ երբ կ՛անդրադառնանք որ աշխարհի ապահովութիւնները անարժէք են ու մեզի կը մնայ միայն Աստուած, որովհետեւ միայն Ան է որ Երկնքի դռները կը բանայ անոնց առջեւ որոնք երկրի վրայ կ՛ապրին։ Միայն Աստուած է որ կը փրկէ» հաստատեց  Սրբազան Հայրը հուսկ անդրադարձաւ Աւետարանական հատուածին ուր կը պատմուի Յայրոսի աղջկան յարութեան դէպքը որ «ազատագրումի դէպք է», ըսաւ Սրբազան Պապը, ազատագրում հիւանդութենէն ու մահէն։

«Յիսուս զանազանութիւն չի դնէր, Անոր փրկութիւնը շնորհուած է բոլորին ու յատկապէս յետիններուն» յարեց Սրբազան Պապը ակնարկելով այսօրուայ աղքատութիւններուն՝ անտեսուածները, տարեցները, հիւանդներն ու փոքրիկները, հալածուածները ու անոնք որոնք ընկերութեան կողմէ «վերջին» նկատուած են։ Հուսկ մատնանշեց Լամփետուզայի այցելութեան վեցերորդ տարեդարձին, նշելով որ իր մտածումը կ՛երթայ վերջիններուն, որոնք ամէն օր կ՛աղաղակեն Տիրոջ, խնդրելով որ ազատին զիրենք յօշոտող չարիքներէն։

Անոնք անապատներու մէջ լքուած վերջիններն են, վերջինները որոնք խոշտանգումի, բռնութեան ու չարաշահումի ենթարկուած են կալանավայրերու մէջ, վերջինները որոնք կը դիմագրաւեն անողորմ ծովուն ալիքները, վերջինները՝ որոնք լքուած են ընկալումի դաշտերու տարածքին, որոնց համար վերապահուած հիւրընկալութիւնը կարելի չէ նկատել ժամանակաւոր…ասոնք վերջիններէն մի քանիներն են զոր Յիսուս կը հրաւիրէ սիրել եւ օգնել։

Երանութիւններու հոգիով կանչուած են մխիթարելու եւ ողորմութիւն շնորհելու, յագեցնելու համար անոնց արդարութեան ծարաւն ու անօթութիւնը, անոնց զգալ տալու Աստուծոյ հոգատար Հայրութիւնը ու անոնց ցոյց տալու Երկնքի Արքայութեան ճանապարհը։

«Անոնք անհատներ են, մարդ էակներ են եւ ոչ միայն գաղթական» յարեց ապա Սրբազան Պապը դարձեալ ակնարկելով Յակոբի երազին ու սանդուխին, դիտել տալով որ այդ սանդուխէն բարձրանալը յանձնառում կը պահանջէ ու այդ ուղղութեամբ տկարներուն պէտք է օգնութիւն մատուցուի։

Ինծի հաճելի է մտածել թէ մենք կարող ենք ըլլալ այն հրեշտակները որոնք սանդուխներէն կ՛ելլեն եւ կ՛իջնեն իրենց բազուկները շնորհելով մանուկներուն, կաղերուն, հիւանդներուն բացառուածներուն եւ վերջիններուն։

«Մեծ պատասխանատուութիւն մըն է սա, որմէ ոչ մէկը կարող է խուսափիլ եթէ իրապէս կ՛ուզենք աւարտին հասցնել փրկութեան ու ազատագրումի առաքելութիւնը, որուն համար Տէրը կոչած է մեզ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը ուղղելով պատարագին մասնակցող գաղթականներուն նկատել տուաւ թէ անոնց մէջ շատեր որ Իտալիա ժամանած են ուրիշներէ առաջ, արդեն իրենց օգնութիւնը կը մատուցեն նոր հասնող եղբայրներուն եւ քոյրերուն։

«Կ՛ուզեմ ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել այս մարդկայնութեան, երախտագիտութեան եւ զօրակցութեան գեղեցիկ նշանին համար» ըսաւ Սրբազան Պապը աւարտելով իր քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2019, 11:26