Ֆրանչիսկոս Պապ Սկաուտներու հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Սկաուտներու հետ 

5 հազար Սկաուտներ օգոստոս 3-ին կը հանդիպին Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

3 օգոստոսին բոլոր սկաուտներն ու անոնց առաջնորդները Վատիկանի Ներվի դահլիճին մէջ, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

27 Յուլիսէն մինչեւ 3 օգոստոս 2019 Իտալիան ու Հռոմը կը հիւրընկալեն Եւրոպական 20 երկիրներէ ժամանող  5000 Սկաուտներ, որոնք ապա 3 օգոստոսին պիտի մասնակցին Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած մէկ ունկնդրութեան։

Ունկնդրէ լուրը

16էն 21 տարեկան պատանիները առիթը պիտի ունենան իրարու հանդիպելու ու զանազան ձեռնարկներու միջոցաւ աւելիով  ամրապնդելու միջանձնական յարաբերութիւնները ու բարեկամութիւնը ու վերագտնելու եւրոպական իսկական ժառանգութիւնը ու խաղաղութեամբ եւ եղբայրութեամբ միասին ապրելու կարողութիւնը, միասնական ու բաժնեկցուած արժէքի մը շուրջ՝ որ է Քրիստոս։

Սկաուտական վերոնշեալ հաւաքը կազմուած է երեք հանգրուաններէ, մասնակցութիւն պատմական հոգեւոր ուխտագնացութեան ուղիներու, համախմբային հանդիպումներ ապրելու համար եւրոպական չափանիշը ապա ունկնդրութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ ու սուրբ պատարագ Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, զոր պիտի նախագահէ Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի երբեմնի նախագահը Կարդինալ Անճելօ Պանիասքօ։

3 օգոստոսին բոլոր սկաուտներն ու անոնց առաջնորդները պիտի համախմբուին Վատիկանի Ներվի դահլիճին մէջ, իրենց մասնակցութիւնը բերելով, ամառնային դադարէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2019, 09:32