Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

7 Յուլիսի Մարեմեան աղօթք. Եօթանասուն աշակերտներու առաքումը։

Աղօթքի աւարտին Քահանայապետը հրաւէր ուղղեց կարիքաւոր գաղթականներուն համար կազմակերպելու մարդասիրական միջանցքներ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 7 Յուլիս 2019-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներու ներկայութեամբ։ Ան այս առթիւ, ներշնչուելով օրուան աւետարանական ընթերցումէն որ քաղուած էր Ղուկաս Աւետարանիչի 10-րդ գլուխէն (10,1-12.17-20)  ուր առաքեալը կը խօսի Յիսուսի կողմէ 70 աշակերտներու առաքումի մասին,  շեշտը դրաւ Յիսուսի խօսքերուն վրայ երբ կ՛ըսէ «Հունձքը ի՛րապէս շատ է, բայց գործաւորները՝ քիչ. ուրեմն հունձքին Տէրո՛ջ աղերսեցէք, որ գործաւորներ ուղարկէ իր հունձքին»։

Ունկնդրէ լուրը

«Յիսուսին այդ խնդրանքը կը մնայ այժմէական» ըսաւ Սրբազան Պապը ու պէտք է աղօթենք Հունձքի Տիրոջ այսինքն Հօր Աստուծոյ որպէսզի մշակներ ուղարկէ իր հունձքին համար, որպէսի աշխատին իր դաշտին մէջ՝ այսինքն աշխարհի մէջ։

Այս մէկը պէտք է կատարէ մեզմէ իւրաքանչիւրը բաց սրտով ու առաքելական վարուելակերպով։ Մեր աղօթքը պէտք չէ սահմանափակուի մեր կարիքներուն, որովհետեւ քրիստոնէական իսկական աղօթքը ունի տիեզերական բնոյթ։

Եօթանասուն աշակերտները ուղարկելով Տէրը անոնց կու տայ յստակ թելադրանքներ.

Գացէ՛ք. ահա՛ ես կը ղրկեմ ձեզ իբր գառնուկներ՝ գայլերու մէջ:  Ձեզի հետ մի՛ առնէք՝՝ ո՛չ քսակ, ո՛չ պարկ, ո՛չ ալ կօշիկներ, ու ճամբան ո՛չ մէկը բարեւեցէք:  Որեւէ տուն որ մտնէք՝ նախ ըսէք. “Բարե՛ւ այս տան”:  Եթէ հոն բարեւի արժանի մարդ կայ, ձեր բարեւը պիտի հանգչի անոր վրայ. այլապէս՝ պիտի դառնայ ձեզի:  Մնացէ՛ք այդ տան մէջ, եւ կերէ՛ք ու խմեցէ՛ք անոնց քով, որովհետեւ գործաւորը արժանի է իր վարձքին. մի՛ երթաք տունէ տուն:  Որեւէ քաղաք որ մտնէք եւ ընդունին ձեզ, կերէ՛ք ի՛նչ որ հրամցնեն ձեզի:  Բուժեցէ՛ք անոր մէջի հիւանդները եւ ըսէ՛ք անոնց. “Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտեցած է ձեզի”:  Բայց որեւէ քաղաք որ մտնէք ու չընդունին ձեզ, երթալով անոր հրապարակները՝ ըսէ՛ք.  “Այն փոշին ալ՝ որ մեր ոտքերուն փակած է ձեր քաղաքէն, կը թօթուենք ձեզի. բայց սա՛ գիտցէ՛ք, որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտեցած է ձեզի”: 

«Այս հրամայականները ցոյց կու տան որ առաքելութիւնը հիմնուած է աղօթքի վրայ» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, աւելցնելով որ «ան պէտք է ըլլայ շրջուն, ու կը պահանջէ անջատում եւ աղքատութիւն, հուսկ ան կը բերէ խաղաղութիւն եւ դարման, որոնք Աստուծոյ արքայութեան մօտիկութիւնը կը յատկանշեն»։

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց նաեւ առաքելութեան ուրախութեան, դարձաել մէջբերելով աւետարանական հատուածը։

Եօթանասուն աշակերտները վերադարձան ուրախութեամբ, եւ ըսին. «Տէ՛ր, քու անունովդ՝ դեւե՛րն ալ կը հպատակէին մեզի»: Յիսուս ըսաւ անոնց. «Կը տեսնէի Սատանան, որ վար կ՚իյնար երկինքէն՝ փայլակի նման:  Ահա՛ ձեզի իշխանութիւն կու տամ՝ կոխելու օձերու, կարիճներու, եւ թշնամիին ամբողջ զօրութեան վրայ. բնա՛ւ բան մը պիտի չվնասէ ձեզի:  Բայց դուք մի՛ ուրախանաք՝ որ չար ոգիները կը հպատակին ձեզի. այլ մանաւանդ ուրախացէ՛ք՝ որ ձեր անունները գրուած են երկի՛նքը»:

«Մեզմէ իւրաքանչիւրը Մկրտութեան օրը ընդունեցաւ անուն մը որ գրուած է Երկինքի մէջ, Հօր Աստոածոյ սրտին մէջ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ, դիտել տալով որ այդ պարգեւը ամէն մէկ աշակերտ կը դարձնէ առաքեալ, որ կը քալէ Տիրոջ՝ Յիսուս ընկերակցութեամբ, Անորմէ սորվելով ինչպէս նուիրել կեանքը ուրիշներուն։

Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի Մայրական հովանին, որպէսզի նեցուկ կանգնի Քրիստոսի աշակերտներու առաքելութեան՝ որ է բոլորին հռչակել թէ Աստուած մեզ կը սիրէ ու մեզ կ՛ուզէ փրկել, մեզ կոչելով մաս կազմելու իր Արքայութեան։

Խորհրդածութենէն ետք Նորին Սրբութիւնը արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը հուսկ սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն ուղղեց ողջոյնի խօսքեր վերյիշելով մի քանի օրեր առաջ Լիպիայի գաղթավայրի վրայ օդանաւային յարձակումը, ու հրաւիրելով աղօթելու զոհերու ու վիրաւորներու համար։ Ան ապա կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան չի հանդուրժելու այնպիսի ծանր արարքները յոյս յայտնելով որ այդ ուղղութեամբ կարիքաւոր գաղթականներուն համար կազմակերպուին մարդասիրական միջանցքներ։

Սրբազան Պապը յիշեց նաեւ Աֆղանիստանի, Մալիի, Պուրքինա Ֆազոյի եւ Նիճերի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններու բոլոր զոհերը  հուսկ ողջունեց տարբեր վայրերէ հրապարակ ժամանած հաւատացեալները ու Մարեմեան Աղօթքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ինչպէս միշտ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2019, 12:30