Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց քաղաքացիական օդանաւորդութեան մատրանապետները: Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց քաղաքացիական օդանաւորդութեան մատրանապետները: 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց քաղաքացիական օդանաւորդութեան մատրանապետները:

Քրիստոսի սիրտի նայուածքով, օդակայանները Աստուծոյ եւ միեւնոյն միակ Հօր զաւակներուն հանդիպումի նաւահանգիստներ ու կամուրջներ կը դառնան

Երկուշաբթի, 10 յունիսին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց քաղաքացիական օդանաւորդութեան մատրանապետներն ու այդ ծիրէն ներս գործող հովուական ծառայութեան գործիչները:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքի սկիզբը,  Սրբազան Հայրը ողջունելէ ետք ներկաները ու անոնց ընկերացող Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի կառավարիչը՝կարդինալ Թուրքսոնը յարեց,  թէ իր առաքելական ճամբորդութիւններուն ընթացքին առիթ ունեցած է օդակայաններուն մէջ հանիդպելումատրանապետներուն եւ հովուական ծառայութեան գործիչներուն, նկատել տալով որ  անոնց աշխատանքը բարդ եւ յատուկ կացութիւններուն մէջ կատարուած աշխատանք է :

Ան ապա ակնարկեց օդակայաններէն անցք կատարող զանազան ազգութեան, մշակոյթի, կրօնքի պատկան միլիոնաւոր ճամբորդներուն ընդգծելով, որ իւրաքանչիւր ճամբորդ պատմութիւնն մըն է  եւ լոկ Աստուած է,  որ կը ճանչնայ անոնց ուրախութիւնները, վիշտերը, սպասումներն ու մտահոգութիւնները:

Սրբազան Հայրը նշեց, թէ մատրանապետները այդ վայրերուն մէջ կանչուած են Քրիստոսի խօսքն ու ներկայութիւնը փոխանցելու, ընդգծելով, թէ Քրիստոս  միակն է որ կը ճանչնայ իւրաքանչիւր մարդու սիրտերը:  Մատրանապետները կանչուած են նաեւ  Աւետարանի քնքշութիւնը, յոյսն ու ուրախութիւնը փոխանցելու բոլոր հաւատացեալներուն եւ« հեթանոսներուն» ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ  նկատել տալով, որ մատրանապետներուն օդակայաններուն մէջ ներկայութիւնը անշահախնդիր ներկայութիւն է: Մատրանապետները, Աստուծոյ անշահախնդիր սէրը կը ներկայացնեն՝ հոն ուր մարդիկ՝ գործով եւ կամ տարբեր պատճառներով, ճամբորդութեան մէջ կը գտնուին, յարգալից կերպով ճամբորդներու հնարաւորութիւն ընծայելով՝ Աստուծոյ հետ հանդիպելու:

«Մատրանապետներուն տուած վկայութիւնը, այդ նոյն ժամուն եւ այդ նոյն վայրկեանին, կրնայ նշան հանդիսանալ, որ կը տեւէ ամբողջ կեանքի տեւողութեան՝ անշահախնդրութեան զօրութեան միջոցաւ»: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդհանուր ակնարկ կատարեց  հովուական ծառայութեան շրջագիծէն ներս, մարդկային համապարփակ զարգացման . անձը իր ամբողջականութեամբ, աշխատանք, մշակոյթ,  ընտանեկան կեանք , տնտեսականութիւն  եւ քաղաքականութիւն:  Ան  յորդորեց  մատրանապետները,  որ իրենց աշխատանքը նուիրուածութեամբ ու գորովով կատարեն եւ  մարդոց դէմքերուն նային Քրիստոսի սիրտով,  որպէսզի ամէն անհատ կարենայ Աստուծոյ նեցուկութիւնը զգալ:

«Ճամբորդներուն՝ Քրիստոսի սիրտի նայուածքով,  օդակայանները Աստուծոյ եւ միեւնոյն միակ Հօր զաւակներուն հանդիպումի նաւահանգիստներ ու կամուրջներ կը դառնան« ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով որ այդ վայրերը  առանձնաշնորհուած վայրեր կը դառնան՝ ուր կորսուած ոչխարհը կրնայ իսկական հովիւին հանդիպիլ:»

Նորին սրբութիւնը  հուսկ՝ անդրադարձաւ օդակայաններուն մէջ աշխատող օդաչուներուն եւ օդանաւներուն մէջ սպասարկողներուն յարելով, թէ անոնց ընտանեկան եւ անձնական կեանքը դիւրին կեանք չէ: Ան յորդորեց մատրանապետները անսալու ու նեցուկ  կանգնելու այդ աշխտաւորներուն, մաղթելով, որ օդակայաններուն մէջ եւս  հաւատացեալներուն հասարակութիւն մը կարենայ կազմուիլ,  դառնալով թթխմոր, լոյս եւ աղ այդ յատուկ եւ մարդկային միջավայրէն ներս:

Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ օդակայաններէն անցնող ու  քաղաքական ապաստանութիւն  խնդրող գաղթականներուն հրաւիրելով տեղական եկեղեցիները հիւրընկալելու եւ հոգ տանելու անոնց,  հակառակ որ անոնց անմիջական պատասխանատուները քաղաքացիական իշխանութիւններն են:

Ան Դիտել տուաւ, որ մատրանապետներուն հովուական ծառայութեան մաս կը կազմէ նաեւ գաղթականներուն մարդկային արժանապատուութեան եւ իրաւունքներուն պաշտպանութեան հսկումը ՝ իւրաքանչիւր անհատ իր դաւանած հաւատքի համաձայն :

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը, հայցելով Սուրբ Հոգիէն որ իր պարգեւներով լուսաւորէ ու զեղու մատրանապետները, որպէսզի անոնք միշտ նոր սլացքով կատարեն իրենց առաքելութիւնը : Ան ապա  օդանաւորդութեան պաշտպան՝ Լորեթոյի Տիրամօր բաեխօսութիւնը  հայցեց, որպէսզի իւրաքանչիւր հաւատացեալ իր մէջ վառ պահէ հաւատքի ճրագը եւ փրկչագործութեան պատգամը հասանելի ըլլայ աշխարհի յիտին ծագերուն մէջ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2019, 12:29