Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Նափոլի Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Նափոլի 

Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Նափոլիի Հարաւային Իտալիոյ Քահանայապետական Աստուածաբանական համալսարան։

«Աստուածաբանութիւնը Veritates Gaudium - Ճշմարտութեան ուրախութենէն ետք միջերկրականի ոլորտէն ներս» գիտաժողով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աստուածաբանութիւնը Veritates Gaudium - Ճշմարտութեան ուրախութենէն ետք  միջերկրականի բնագաւառէն ներս» գիտաժողովին առթիւ որ կազմակերպուած է  Հարաւային Իտալիոյ Քահանայապետական Աստուածաբանական համալսարանի Սուրբ Լուիճի մասնաճիւղի կողմէ 20 եւ 21 Յունիս 2019-ին, որուն 21 Յունիսին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը Վատիկանէն կը մեկնի ուրբաթ 21 Յունիսի առաւօտեան կանուխ եւ Նափոլի կը ժամանէ 9-ին,  ուր կը դիմադրուի ի մէջ այլոց Նափոլիի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Քրեշենցիօ Սեփէի կողմէ ու Աստուածաբանութեան մասնաճիւղի Մեծ Կանցելրի,  Նոլա թեմին արքեպիսկոպոսին ու  Յիսուսեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր Հայր Արթուրօ Սոզա Ապասքալի կողմէ։

Գիտաժողովին հանրային նիստը տեղի պիտի ունենայ Համալսարանի հրապարակին վրայ, որուն առթիւ Նորին Սրբութիւնը հաւաքի նիւթին հայող զեկոյց մը պիտի ներկայացնէ։

Հաւաքի ծիրէն ներս պիտի քննարկուին զանազան նիւթեր որոնցմէ  նշենք, գաղթականութեան ու միջ մշակութային հարցեր, միջերկրականի մէջ երկխօսութեան ու աստուածաբանութեան հայող նիւթեր, ինչպէս նաեւ արհեստը որպէս մշակոյթներու միջեւ երկխօսութեան ու հանդիպումի վայր, այլ կրօններու հետ երկխօսութիւնը, զատորոշումը որպէս «լարուածութեան» հարցերու լուծման ձեւ, ապա վկայութիւններ եւ առաջարկներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2019, 13:08