Որոնել

 Քահանայապետին հանդիպումը մանուկներուն հետ։ Քահանայապետին հանդիպումը մանուկներուն հետ։  

Քամերինոյի հովուական այցելութեան ծիրէն ներս Քահանայապետին հանդիպումը մանուկներուն հետ։

«Ամէն անգամ որ գետին իյնանք մտաբերենք թէ Յիսուսը մեզ պիտի օգնէ դարձեալ վերականգնելու»
Ֆրանչիսկոս Պապին Քամերինօ այցելութիւնը մէկ վայրկեանով

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 16 յունիս 2019-ին Քամերինօ կատարած հովուական միօրեայ այցելութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախ քան Վատիկան վերադառնալը ուզեց յատուկ հանդիպում ունենալ այս տարի առաջին հաղորդութիւնը ստացող մանուկներուն հետ, հանդիպումը նկատելով ողջագուրում բոլոր մանուկներուն ու երիտասարդներուն, որոնք թիրախ եղան ահեղ երկրաշարժին զոր 2016-ին հարուածած էր կեդրոնական Իտալիան ուր կը գտնուի նաեւ Քամերինօ քաղաքը։

Ունկնդրէ լուրը

Հանդիպումին սկիզբը մանուկներէն մին բարի գալուստի խօսք ուղղելով Քահանայապետին պատմեց 2016-ի երկրաշարժի օրերուն իրենց ապրած դժուար ու մտահոգիչ պահերը ինչպէս նաեւ դժուարութիւնը որուն առջեւ կը գտնուին այսօր՝ դարձեալ վերականգնելու համար։

Մանուկներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Սրբազան Պապը ակնարկեց Քամերինօ քաղաքի պաշտպան սուրբին «Սուրբ Վենանցիօ»ին,  որ հռչակաւոր է որպէս «անկումներու սուրբը» ըսաւ Սրբազան Պապը, մանուկներուն յիշեցնելով ամէն մէկ անկումէ կամ սխալ քայլէ մը ետք վերստին կանգնելու կարեւորութիւնը։

«Ամէն անգամ որ գետին իյնանք մտաբերենք թէ Յիսուսը մեզ պիտի օգնէ դարձեալ վերականգնելու» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, որովհետեւ Անոր ձեռքը յարատեւօրէն երկարած է մեզի» աւեցուց  Նորին Սրբութիւնը մանուկներուն յիշեցնելով նաեւ ողորմութեան կարեւորութիւնը, որ «Յիսուսին մեզի վերապահած սէրն է» ըսաւ Ան ու հանդիպումի աւարտին բոլոր անչափահասները յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանինն ու անոնց շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2019, 08:00