Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետին լսատեսողական պատգամը Կաթողիկէ դաստիարակութեան միջազգային կազմակերպութեան գիտաժողովին։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց Ալ Ազհարի Իմամին հետ ստորագրած «Մարդկային եղբայրութեան» փաստաթուղթին, զայն նկատելով մարդկայնութեան վերակառուցումի ուղեցոյց
Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

5 – 8 Յունիս 2019-ին Նիու Եորքի մէջ տեղի կ՛ունենայ Կաթողիկէ դաստիարակութեան միջազգային կազմակերպութեան գիտաժողովը, որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղեց ժողովականներուն ու ակնարկելով գիտաժողովի նիւթին «Դաստիարակել եղբայրութեան մարդկայնութիւնը կառուցելու համար սիրոյ քաղաքակրթութիւն»ը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց՝ իրենց եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութեան համար, ու անոնց միջոցաւ ուզեց շնորհակալութիւն արտայայտել նաեւ բոլոր անոնց որոնք կը գործեն կաթողիկէ կրթական ոլորտէն ներս։

Պատգամին մէջ Քահանայապետը մատնանշեց նաեւ միլիոնաւոր աշակերտներուն որոնք կը յաճախեն կաթողիկէ կրթական հաստատութիւնները ու վերահաստատելով որ երիտասարդները Աստուծոյ այսօրն են նշեց թէ անոնք նաեւ այսօրն են մեր դաստիարակչական առաքելութեան։

Ան  ապա վերակոչելով Վատիկանի Տիեզերական Բ Ժողովի  «Gravissimum educationis» փաստաթուղթը, վերահաստատեց թէ բոլոր մարդիկը իրաւունք ունին իրենց կոչումին համապատասխանող դաստիարակութիւն մը ընդունիլ…» ու թէ զանոնք «պէտք է պատրաստել ընկերային կեանքին, որպէսզի գործնականապէս ներդրում ունենան մարդկային հասարակութիւնը կազմող խումբերուն մէջ, եւ ըլլան պատրաստակամ ուրիշներու հետ երկխօսութեան, իրենց սատարը տալով հասարակաց  բարիքի զարգացումին»։

 Ասկէ մեկնելով Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ կաթողիկէ դաստիարակչական հաստատութիւնները կանչուած են կառուցելու ընկերութեան մը տեսութիւնը որ կեդրոնացած ըլլայ մարդ անհատի ու անոր անձեռնմխելի իրաւունքներուն վրայ, արդարութեան եւ խաղաղութեան արժէքներու վրայ, ու զօրակցութեան եւ մերձակցութեան տրամաբանութեան վրայ… ինչպէս նաեւ «բնապահպանական հաւասարակշռութեան» վրայ, հիմնուած բնութեան ու մարդկութեան միջեւ դաշինքի վրայ ։

Այս ծիրէն ներս Սրբազան Հայր գնահատեց գիտաժողովի ընթացքին բաժնեկցուած փորձառութիւնները, զանոնք նկատելով խիստ կարեւոր՝ դիմագրաւելու համար հարցերը ու մատնանշեց դաստիարակութեան հիմնական դժուարութիւններէն մէկուն որ է «մարդկայնութեան փլուզումը» որ յառաջ կու գայ անհատականութիւնէն ու վաղանցուկի մշակոյթէն « որոնք կը յառաջացնեն միասնական արժէքները մթագնող մրցակցութիւն մը որ կը սպառնայ համակեցութեան հիմնական կանոններուն» յարեց Սրբազան Պապը անոնց կից դասելով  նաեւ «անտարբերութեան մշակոյթը որ մարդկայնութեան իմաստը կը մաշեցնէ»

Այս իրողութեան դիմաց անհրաժեշտ է «դաստիարակչական տարբեր իրականութիւններուն միջեւ համադաշնեցումը»  ու համագործակցութիւնը շեշտեց Սրբազան Հայը այս ծիրէն  ներս առաջին կարգին դնելով Ընտանիքը՝ «վայրը ուր անձը կը կազմաւորուի», ու կոչ ուղղելով դաստիարակչական ոլորտի բոլոր մասնագէտներուն օգնելու երիտասարդները որպէսզի ըլլան աւելի զօրակից ու խաղաղ աշխարհի մը կառուցողները։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա Ալ Ազհարի Իմամին հետ ստորագրած  «Մարդկային եղբայրութեան» փաստաթուղթին, զայն ներկայացնելով որպէս մարդկայնութեան վերակառուցումի ուղեցոյց,  հուսկ մատնանշեց այլ մէկ սպառնալիքին ՝ «արդիւնքներու բռնատիրութիւնը», որ մարդ անհատը կը նկատէ որպէս պարզ թիւ մը կամ իր մը, անտեսելով անոր էութիւնը, անոր դժուարութիւնները, սխալները, վախն ու երազները ու նաեւ անոր ազատութիւնը, ու մարդը նմանեցնելով պարզ մեքենայի մը։

«Այս պատնէշը յաղթահարելու համար պէտք է դաստիարակչական գործին կեդրոնը դնել անձը ու անոր ամբողջականութիւնը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով դաստիարակի յատկանիշները ու դաստիարակներու պատշաճ կազմաւորումի կարեւորութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց նաեւ առաքութեան քաոսին «որուն համապատասխանելու համար հարկաւոր է», ըսաւ Ան, «ժամանակին վերադարձնել հիմնական գործօնը», վերագտնել ժամանակի իմաստը ու ապրիլ զայն լի օրէն»։

Պատգամի աւարտին Սրբազան Պապը ներկաներուն մաղթեց որ կարողանան յառաջ տանիլ իրենց դաստիարակչական առաքելութիւնը, ուրախութեամբ եւ համբերատար ունկնդրութեամբ։  «Աշխատինք, ըսաւ Ան, դաստիարակութիւնը ձերբազատելու յարաբերական հորիզոնէ մը ու զայն բանալու իւրաքանչիւրի եւ բոլորի համապարփակ կազմաւորումին։

«Շնորհակալ աշխատանքին զոր յառաջ կը տանիք որպէսզի կրթական հաստատութիւնները դառնան Աւետարանի լոսին ներքոյ զարգացումի  ու փորձարարութիւններու վայրեր եւ ըլլան մարդկայնութեան եղբայրական աշխատանոցները կառուցելու համար սիրոյ քաղաքացիութիւն»։

«Կ՛աղօթեմ ձեզի համար։ Դուք եւս բարեհաճեցէք աղօթել ինծի համար։ Շնորհունակութիւն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով պատգամը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2019, 18:30