Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Ռումանիա կատարած առաքելական միջազգային ճամբորդութիւնը

Նորին Սրբութիւնը աւարտեց քահանայապետութեան 30-րդ առաքելական երրօրեայ ճամբորդութիւնը

Կիրակի 2 Յունիս 2019-ին, յետմիջօրէի 05.30-ին, Սիպիու Ռումանիայի քաղաքի օդակայանին մէջ, Ռումանիայի նախագահի ներկայութեամբ  կայացած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հրաժեշտ առաւ Ռումանիայէն ու վերադարձ կատարեց դէպի Հռոմ ուր ժամանեց 18.10-ին Չամփինօ օդակայան։

Նախ քան իր նստավայր Վատիկան վերադարձը, Նորին Սրբութիւնը այցելեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ՝ Հռոմի Տիրամօր նուիրուած աւագ տաճարը, այնտեղ սովորութեան համաձայն աղօթելով Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերին ոտքին, առ ի շնորհակալութիւն ճաբորդութեան յաջողութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2019, 18:15