Յոյն Կաթոպիկէ նահատակ եպիսկոպոսները Յոյն Կաթոպիկէ նահատակ եպիսկոպոսները 

Ֆրանչիսկոս Պապ Պլաժի մէջ Երանելի կը հռչակէ եօթը եպիսկոպոսներ։

Սուրբ Պատարագն ու երանացման արարողութիւնը տեղի կ՛ունենան «Ազատութեան դաշտ» անուամբ տարածքին վրայ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 2 Յունիս 2019-ին, Նորին Սրբութիւնը  Ռումանիա կատարած առաքելական այցելութեան վերջին օրը, յատկացուց Յոյն Կաթողիկէ հասարակութեան եւ գնչուներու «Ռոմ» հասարակութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Արդրաեւ Ան առաւօտեան կանուխ տեղական ժամով 8-ին հրաժեշտ առաւ Պուխարեսթի Առաքելական Նուիրակութենէն ու փոխադրուեցաւ Պուխարեսթի օդակայան ուրտեղէն օդանաւով մեկնեցաւ Սիպիու քաղաք ու այնտեղէն ուղղաթիռով փոխադրուեցաւ  Պլաժ քաղաք ուր համախմբուած են Ռումանիայի Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատացեալները։

Պլաժի մէջ մատուցած Սուրբ Զոհի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը  խորաններու պատուոյն կ՛արժանացնէ  Յոյն կաթողիկէ եօթը մարտիրոս եպիսկոպոսներ։

«Ազատութեան Դաշտը»

Սուրբ Պատարագն ու երանացման արարողութիւնը տեղի կ՛ունենան «Ազատութեան դաշտ» անուամբ տարածքին վրայ , ճիշդ այն վայրը ուր 15 մայիս 1948-ին, համայնավար վարչակազմը Յոյն Կաթողիկէներուն հրաւէր ուղղեց  հրաժարելու իրենց կաթողիկէ դաւանանքէն  ու անդամակցելու Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ։  Այդ ժամանակուայ Յոյն Օրթոտոքս եպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Եոան Սուչուն չի կարողանալով բացայայտօրէն մերժել այդ հրաւէրը, առ ի  բողոք լքեց հաւաքը։ Անոր այս արարքը եղաւ յստակ նշան ու հրաւէր քահանաներուն ու Յոյն Կաթողիկէ հաւատացեալներուն  հաւատքով յանձն առնելու հալածանքներ ու մարտիրոսութեան ճանապարհը։

Եօթը երանելիները

2 8 -29 լուսցնող գիշեր, Ռումանիոյ մէջ անթիւ անմեղ մարդիկ, ի մէջ այլոց կրօնաւորներ ու կրօնաւորուհիներ իրենց դաւանած կաթողիկէ հաւատքին համար, իրեն օճախներէն բռնի կերպով տեղահան եղան ու առաջնորդուեցան Սիկէթ անուան բանտը, ուր հակառակորդի սուրին ու չարչարանքի ենթարկուելով իրենց կեանքը զոհեցին հաւատարիմ մնալով Քրիստոսին ու Կաթողիկէ տիեզերական եկեղեցւոյ:

Այս հաւատացեալներուն շարքին էին Խորաններուն պատւոյն արժանացող Ռումանացի Յոյն Կաթողիկէ եօթը եպիսկոպոսներ :
Գերապայծառ Վազիլէ Աֆթենի, Գերապայծառ Վալերիու Թրայան Ֆրենլիու,  գերապայծառ Իուան Սուչու, գերապայծառ Թիթ Լիվիու Չինեզու, գերապայծառ Իուան Պալան, գերապայծառ Ալեքսանտրու Ռուսու, Գերապայծառ Իուլու Հուսո որոնք Երանելի հռչակուեցան Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2019, 09:14