Յոյն Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու Երանացման Պատարագ Յոյն Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու Երանացման Պատարագ 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Յոյն Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու Երանացման Պատարագին։

«Այս Հովինները, հաւատքի մարտիրոսները, Ռումանացի ժողովուրդին թողուցին թանկարժէք ժառանգութիւն մը որ կարող ենք ամփոփել երկու բառերով. ազատութիւն եւ ողորմութիւն».

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 2 Յունիս 2019-ին, Ռումանիայի Պլաժ քաղաքի,  «ազատութեան դաշտ» անուամբ տարածքին վրայ գլխաւորած Յոյն Կաթողիկէ եօթը եպիսկոպոսներու երանացման սրբազան արարողութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուցած  յաւուր պատշաճի քարոզին մէջ  մեկնաբանեց օրուան Աւետարանական ընթերցումը,  որ քաղուած էր Յովհաննէս աւետարանիչէն  ուր կը պատմուի «Ի ծնէ կոյրի մը բժշկութեան» դրուագը ու այդ իրողութեան դիմաց փարիսեցիներուն կեղծաւոր կեցուածքը։

Ունկնդրէ լուրը

«Փարիսեցիները փոխանակ նայելու մարդուն բժշկութեան Յիսուսը կը յանդիմանեն որովհետեւ այդ մէկը կատարած էր շաբաթ օրով» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով որ  «Յիսուսին համար մարդը առաջնահերթութիւն է իսկ փարիսեցիները որպէս առաջնահերթութիւն կ՛ընտրեն «շաբաթ օրը»։

«Մարդու սրտին մէջ թշնամութիւններն ու դիմադրութիւնները կը ծագին երբ փոխանակ մարդը՝ որպէս կեդրոն կ՛ընտրուին սեփական շահեր, տեսութիւններ, գաղափարախօսութիւններ, որոնք կուրութեան կը մատնեն շատեր» յարեց ապա Սրբազան Պապը հաստատելով որ «Տիրոջ տրամաբանութիւնը կը փնտռէ մարդ անհատը իր դիմագիծով, իր վէրքերով ու իր պատմութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց ապա թէ այս հողերը լաւապէս կը ճանչնան գաղափարախօսութիւններու ու վարչակարգերու բեռին տակ ճնշուած մարդոց տառապանքը ու ասկէ մեկնելով հաստատեց «դուք տառապեցաք, այդ վարկածներու ու գործողութիւններու բերումով, որոնք հիմնուած էին վարկաբեկման վրայ ՝մինչեւ ոչնչացումն անոնց՝ որոնք իրենց զիրենք չէին կարող պաշտպանել  ու լռեցնել տարաձայնութիւնները։ Այս ծիրէն ներս Սրբազան Հայրը յիշեց եօթը Յոյն Կաթողիկէ մարտիրոս եպիսկոպոսները որոնք երանելի հռչակուեցան, հաստատելով թէ անոնք «ի տես վարչակարգի կատաղի ճնշումներուն, իրենց ժողովուրդին ցոյց տուին օրինակելի սէր ու հաւատք։ Անոնք վեհանձնութեամբ ու ներքին խիզախութեամբ, յանձն առին ծանր բանտարկութիւնն ու ամէն տեսակ չարչարանք, չի դաւաճանելու համար Եկեղեցւոյ իրենց պատկանելիութիւնը։

«Այս Հովինները, հաւատքի մարտիրոսները, Ռումանացի ժողովուրդին թողուցին թանկարժէք ժառանգութիւն մը, որ կարող ենք ամփոփել երկու բառերով. ազատութիւն եւ ողորմութիւն».  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու մատնանշելով ազատութիւն բառին  ակնարկեց Ռումանացի Ժողովուրդի միութեան, որ իրականացած է կրօններու տարբեր արտայայտութիւններով եւ որ հոգեւոր ժառանգութիւն մըն է որ կը հարստացնէ եւ կը յատկանշէ ռումանիայի ազգային ինքնութիւնն ու մշակոյթը։

«Նոր Երանելիները տառապեցան ու իրենց կեանքը զոհեցին, դիմադրելով  ՝ մարդ անհատի հիմնարար իրաւունքներու անազատ ու  հարկադրական գաղափարական համակարգին» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու խօսելով ողորմութեան մասին մատնանշեց եօթը երանելներուն վեհանձն հաւատարմութեան ու անոնց իրենց հալածողներուն նկատմամբ անոխերիմ վերաբերմունքին,  մէջբերելով Իուլիու Հոսսու եպիսկոպոսին բանտին մէջ արտասանած խօսքերը «Աստուած մեզի ղրկեց ցաւերու այս խաւարը, ներում շնորհելու եւ աղօթելու բոլորի դարձին համար»…

«Այս դահիճներու  նկատմամբ ողորմութեան վերաբերմունքը մարգարէական պատգամ մըն է որ այսօր կը ներկայանայ որպէս բոլորիս համար հրաւէր մը, ատելութիւնը յաղթահարելու՝ սիրով ու ներումով եւ հաւատարմութեամբ ու հետեւականութեամբ ապրելու քրիստոնէական հաւատքը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  նկատել տալով որ այսօր եւս կը յայտնուին նոր գաղափարախօսութիւններ, որոնք կը ջանան մարդոցմէ արմատախիլ ընել իրենց մշակութային ու կրօնական հարուստ աւանդութիւնները։

«Գաղափարական գաղութատիրութիւն որ կ՛արհամարհէ մարդուն արժէքը, կեանքին, ամուսնութեան ու ընտանիքին արժէքը ու վնաս կը հասցնեն մեր երիտասարդներուն ու մանուկներուն, զանոնք զուրկ պահելով իրենց արմատներէն» յարեց Նորին Սրբութիւնը որ քարոզի  աւարտին քաջալերեց բոլոր ներկաները Աւետարանի լոյսը տանելու ժամանակակից մարդոց ու շարունակելու պայքարը, նման Երանելիներուն, ի յայտ եկած նոր գաղափարախօսութիւններու դէմ։

Եղէք ազատութեան եւ ողորմութեան վկաներ, բաժանումներուն գերակայելով եղբայրութիւնն ու երկխօսութիւնը։ Աճեցուցէք արեան եղբայրութիւնը, որ իր արմատները կը գնտէ այն ժամանակահատուածին մէջ երբ քրիստոնեաները որոնք պատմութեան ընթացքին բաժնուած էին իրարմէ, զիրար գտան աւելի  մօտիկ ու զօրակից» կոչ ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու քարոզը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովանին ու Նոր Երանելիներու բարեխօսութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2019, 11:11