Որոնել

Վատիկան Վատիկան 

Ընկերային իրաւունքներու ու Ֆրանչիսկոս Պապին վարդապետութեան նուիրուած դատաւորներու վեհաժողով Վատիկանի մէջ։

Ժողովականները առիթը պիտի ունենան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ.

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հարիւրաւոր դատաւորներ ու Ամերիկեան դատական համակարգի պաշտօնեաներ,  3 եւ 4 Յունիսին հաւաքուած են Վատիկանի մէջ ընկերային իրաւունքներու ու Ֆրանչիսկոս Պապին վարդապետութեան հայող վեհաժողովի մը առթիւ, որ նախաձեռնուած Քահանայապետական Ընկերային Գիտութիւններու Ակադեմիայի կողմէ, միասին խորհրդածելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակած հիմնական փաստաթուղթերու վրայ, որպէս նպատակ ունենալով ծաւալել ու խթանել, ընկերային արդարութեան հայող  «հող, բնակարան աշխատանք» իրաւունքները ու նպաստելու ընկերային իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ հիմնուած համաշխարհային շարժումի մը ստեղծումին։

Վեհաժողովը պիտի ծառայէ նաեւ ստեղծելու "Permanent Pan American Board of Judges in Defence of Social Rights"  ընկերային իրաւունքներու պաշտպան դատաւորներու համախմբում մը որ կարողանայ ապագային մէջ համադրել տարածաշրջանի ջանքերը բարելաւելու համար՝ ընկերային, տնտեսական ու մշակութային յարգանքի վրայ հիմնուած  դատական քաղաքականութիւնը։

Երեքշաբթի 4 յունիսի երեկոյեան ժողովականները առիթը պիտի ունենան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2019, 11:21