Հոգեգալստեան տօնը Հոգեգալստեան տօնը 

Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ Պենտեկոստէի տօնին նուիրուած հսկում՝ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ։

Կարդինալ Տէ Տոնաթիսը հսկումը որակած է «հաղորդութեան եւ հոգեւորականութեան կարեւոր պահ մը» ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հռոմի թեմը բոլոր հաւատացեալներուն հրաւէր ուղղած է ՝  Շաբաթ 8 Յունիսի երեկոյեան, Պենտեկոստէի տօնին նախօրեակին, համախմբելու Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ու մասնակցելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահած Պենտեկոստէի տօնի հսկումի սրբազան արարողութեան։

«Ժողովրդապետներուն ուղղած իր նամակին մէջ Հռոմի Թեմի տեղակալ արքեպիսկոպոսը՝ Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիս, նշած է որ արարողութեան աւարտին,  տեղի պիտի ունենայ նաեւ «Աստուածային Սէր» Տիրամօր սրբապատկերի թափօրը,  որուն պիտի յաջորդէ դէպի «Աստուածային Սէր» Տիրամօր սրբավայր գիշերային ուխտագնացութիւնը։

Կարդինալ Տէ Տոնաթիսը հսկումը որակած է «հաղորդութեան եւ հոգեւորականութեան կարեւոր պահ մը» ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2019, 11:31