Խոր Վիրապի մէջ խաղաղութեան աղօթք Խոր Վիրապի մէջ խաղաղութեան աղօթք 

«Գոհութիւն կը մատուցեմ Աստուծոյ Հայաստան ճամբորդութեան համար». Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան երրորդ տարեդարձը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեք տարիներ առաջ ճիշդ այսօրուայ պէս՝ 24 Յունիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ կու տար Քահանայապետական առաքելական միջազգային 14-րդ ճամբորդութեան, որ զինք կ՛առաջնորդէր Աստուածաշնչական երկիր՝ Հայաստան, ուր Ան մնաց երեք օրեր, որոնք յատկանշուեցան յուզումնալից ու պատմական պահերով։

Ֆրանչիսկոս Պապին ժամանումը
Ֆրանչիսկոս Պապին ժամանումը

Նորին Սրբութիւնը Երեւանի Զուարթնոց օդակայան ժամանեց տեղական ժամով 15-ին, ու դիմաւորուեցաւ  Հայաստանի Պետական եւ Եկեղեցական իշխանութիւններու կողմէ, ապա ուղղուեցաւ  Էջմիածին՝  ուր Մայր Աթոռի Մայր տաճարին մէջ  մասնակցեցաւ «բարի գալուստի» աղօթքի արարողութեան որմէ ետք իրեն ընկերացող շքախումբի անդամներուն հետ,   քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ նախագահական Պալատ, ուր Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ Նախագահին ու Հայաստանի պատկան  իշխանութիւններուն հետ, անոնց ուղղելով իր ճառը, որուն մէջ չի զլացաւ անգամ մը եւս օգտագործելու «Ցեղասպանութիւն» եզրը։

Նախագահին հետ
Նախագահին հետ

Ճամբորդութեան երկրորդ օրը Քահանայապետը նախ այցելեց Ծիծեռնակաբերդը,  յարգանքի տուրք մատուցելով հայ ազգի բիւրաւոր նահատակներուն ու աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որպէսզի նման ողբերգութիւններ դարձեալ չի կրկնուին։

Յարգանք նահատակներուն
Յարգանք նահատակներուն

«Այստեղ կ՛աղօթեմ` ցաւը սրտիս մէջ, որպէսզի այլեւս երբեք նման ողբերգութիւններ, չկրկնուին, որպէսզի մարդկութիւնը չմոռնայ եւ բարիով յաղթէ չարին: Թող Աստուած սիրեցեալ հայ ժողովուրդին խաղաղութիւն եւ մխիթարութիւն պարգեւէ: Յիշողութիւնը ո՛չ կարելի է պղտորել եւ ո՛չ ալ մոռնալ: Յիշողութիւնը խաղաղութեան եւ ապագայի աղբիւրն է: Թող հայ ժողովուրդի ողբերգութեան յիշողութիւնը մնայ մեր մէջ, եւ յիշողութիւնն է, որ հետագային պիտի կանխէ նման ոճիրները» հաստատեց  Ֆրանչիսկոս Պապը որ Ծիծեռնակաբերդի այցելութենէն ետք ուղղուեցաւ Գիւմրի, ուր քաղաքի Վարդանանց հրապարակին վրայ   մատուցեց  Սուրբ եւ Անմահ պատարագը, մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կղերական դասին ու աւելի քան 15 հազար հաւատացեալներու։

Կիւմրիի մէջ պատարագ
Կիւմրիի մէջ պատարագ

Սուրբ Պատարագի զոհէն ետք, Քահանայապետը այցելութիւն տուաւ  Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան` Տիրամայր Հայաստանի կեդրոն, ուր նաեւ բաժնեկցեցաւ եղբայրական ագապը։ Ան ապա վերադարձ կատարեց Երեւան ուր երեկոյեան՝ Հանրապետութեան հրապարակի վրայ, մասնակցեցաւ  «Խաղաղութեան նուիրուած համամիութենական  հանդիպումին»։

Էջմիածնի մէջ ս պատարագ
Էջմիածնի մէջ ս պատարագ

Ճամբորդութեան երրորդ օրը՝ Կիրակի 26 յունիս 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ մասնակցեցաւ Գարեգին Բ կաթողիկոսին  նախագահութեամբ մատուցուած հայրապետական սուրբ պատարագին, որուն աւարտին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ համամիութենական ճաշ մասնակցութեամբ Քահանայապետին, Կաթողիկոսին, Հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն ու Քահանայապետին ընկերացող պատուիրակութեան։

Հայ Կաթողիկէ կղերական դասին հետ
Հայ Կաթողիկէ կղերական դասին հետ

Համամիութենական ագապի աւարտին եւ նախ քան օդակայան փոխադրուիլը, Ֆրանչիսկոս Պապը,  Գարեգին Բ-ի ընկերակցութեամբ այցելեց հայոց ուխտավայր՝  Խոր Վիրապի վանք,  ուր խաղաղութեան աղօթք արտասանելէ ետք, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ միասին, Արարատ լեռան սեմին ազատ արձակեցին խաղաղութիւնը խորհրդանշող  երկու աղաւնիներ։

Խոր Վիրապի մէջ
Խոր Վիրապի մէջ

Հայաստանէն վերադարձին,  Հինգշաբթի 30 Յունիս 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Ողորմութեան տարւոյն Յոբելենական հրապարակային ունկնդրութեան  ծիրէն ներս, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ շնորհած ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան վերջին  մասը յատկացուց Հայաստանի ճամբորդութեան։

«Անցեալ օրերուն ` Տէրը ինծի առիթ տուաւ այցելելու Հայաստանը, առաջին  երկիրը որ քրիստոնէութիւնը ընկալեց չորրորդ դարուն սկիզբը», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ընդգծելով թէ «Հայ Ժողովուրդը իր պատմութեան երկար տարիներուն, մարտիրոսութեամբ վկայեց իր քրիստոնեայ հաւատքը»։

Գոհութիւն կը մատուցեմ Աստուծոյ այս ճամբորդութեան համար եւ սրտանց շնորհակալ եմ Հայաստանի հանրապետութեան Նախագահին, Գարեգին Բ Կաթողիկոսին, Կաթողիկէ Պատրիարքին ու եպիսկոպոսներուն, ու համայն հայ ազգի ժողովուրդին, ինծի վերապահած հիւրընկալութեան  համար՝ որպէս խաղաղութեան ու եղբայրութեան ուխտաւոր։

«….Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ  թէ խաղաղութեան ուղեւորութիւնը կարիքը ունի վճռակամութեան ու շարունակական քայլերու», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը  մաղթանք յայտնելով  որ «իւրաքանչիւրն ու բոլորը՝ իրենց սատարը բերեն հաշտութեան ճանպարհին»։

Հանդիպում Էջմիածնի մէջ
Հանդիպում Էջմիածնի մէջ

Որպէս Քրիստոնեաներ կանչուած ենք ամրապնդելու մեր մէջ եղբայրական հաղորդութիւնը, վկայութիւն տալու համար Քրիստոսի Աւետարանին ու դառնալու աւելի արդար ու զօրակից ընկերութեան մը թթխմորը։  Ասոր համար է որ իմ բոլոր ճամբորդութիւնս բաժնեկցեցայ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ծայրագոյն Պատրիարքին հետ, որ երեք օրուայ տեւողութեամբ զիս եղբայրաբար ընդունեց իր տան մէջ։

Կը վերանորոգեմ իմ ողջագուրումս եպիսկոպոսներուն, Քահանաներուն, կրօնաւորուհիներուն եւ կրօնաւորներուն ու բոլոր Հայաստանի հաւատացեալներուն։ Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը, մեր Մայրը, օգնէ զանոնք հաստատ մնալու իրենց հաւատքին մէջ, ու բաց ըլլան հանդիպումին ինչպէս նաեւ վեհանձն ըլլան ողորմութեան գործերու մէջ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Յոբելինական ունկնդրութեան խորհրդածութեան աւարտին Հայ ազգի զաւակներուն իր ուղղած պատգամին մէջ։

Վերադարձ դէպի Հռոմ
Վերադարձ դէպի Հռոմ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2019, 08:41