Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի նախագահութեամբ Սուրբ Պատարագ Յիսուսի Մարմնի եւ Արեան տօնի առիթով:

Հռոմի թեմի ընկերային հաղորդամիջոցներու հաղորդագրութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 23 յունիսին, Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առիթով ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ Հռոմի Քազալ Պերթոնէ շրջանին Santa Maria Consolatric Ժողովրդապետութեան մէջ: Այս մասին հաղորդեց Հռոմի թեմի ընկերային հաղորդամիջոցներուն մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով մէկ հաղորդագրութիւն մը : Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Հռոմի թեմի տեղակալ Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնադիսի գլխաւորութեամբ Սուրբ Հաղորդութեան թափօրով հաւատացեալները պիտի ուղղուին դէպի շրջանին մօտակայքը գտնուող մարզադաշտ:

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապի նախագահութեամբ Սուրբ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն շրջանին բոլոր ժողովրդապետները եւ Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ Սանթա Մարիա եկեղեցւոյ երգչախումբը

Հռոմի թեմի հրապարակած Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ որ անցեալ տարի Յունիս ամիս, ֆրանչիսկոս Պապ Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնի սուրբ Պատարագ մատուցեց Հռոմի Օսթիա շրջանին մէջ: Նաեւ այս տարի Ֆրանչիսկոս Պապ նախընտրեց Յիսուսի Մարմնի եւ Արեան տօնի սուրբ պատարագը մատուցել Հռոմի արուարձաններուն մէջ: 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2019, 09:55