Սուրբ Պետրոս եւ Ս. Պօղոս առաքելապետերու տօն Սուրբ Պետրոս եւ Ս. Պօղոս առաքելապետերու տօն 

Սուրբ Պետրոս եւ Ս. Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ Քահանայապետական պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ։

ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Նորընտիր Մետրոպոլիտներուն շնորհեց Եկեղեցական Հաղորդութիւնն ու Միութիւնը խորհրդանշող «Պալիում» ը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 29 Յունիս 2019-ին, Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Պապը, աւանդութեան համաձայն, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց Սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին  կարդինալական ու եպիսկոպոսական դասերը, ինչպէս նաեւ տարւոյն ընթացքին նոր նշանակուած 31 Արքեպիսկոպոս- Մետրոպոլիտները, որոնք արարողութեան ընթացքին  Քահանայապետի ձեռքէն ընդունեցան Պալիումը` (Եմիփորոնը) որ կը խորհրդանշէ եկեղեցական հաղորդութիւնն ու միութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Յայտնենք թէ սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը ներկայացնող ու այս առթիւ Հռոմ գտնուող պատուիրակութեան մը անդամները։

Պալիումի տուչութեան հինաւուրց աւանդութիւնը իր վերջնական ձեւը գտած է 70-ական թուականներուն, երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. քահանայապետին օրով, երբ որոշուեցաւ զայն յանձնել սուրբ Պետրոս ու Պօղոս Առաքելապետերու տօնին օրը, նշելու՝ յատկապէս կապը ու սերտ միութիւնը՝ եպիսկոպոսներուն ու Սուրբ Աթոռին միջեւ։

Պալիումի յանձնման արարողութիւնը կը կատարուի պատարագի սկիզբը։ Թեկնածուները կը մօտենան սուրբ Խորանին ու Խաչեցեալին առջեւ ծնրադիր, միասնաբար կ՛արտասանեն երդման բանաձեւը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը կ՛օրհնէ պալիումները ապա կ՛արտասանէ պալիումի յանձնումի բանաձեւը, զայն յանձնելով Մետրոպոլիտ Արքեպիսկոպոսներուն։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց որ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալները մեր առջեւ կանգնած են որպէս վկաներ։ Անոնք չի յոգնեցան աւետելու, ապրելու առաքելութիւնը, ընթացքի մէջ, Յիսուսի երկրէն մինչեւ Հռոմ, ուր զինք վկայեցին մինչեւ մահ, իրենց կեանքը պարգեւելով որպէս մարտիրոսներ։

«Անոնք կեանքի, ներումի եւ Յիսուսի վկաներն են» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու անդրադարձաւ այդ վկայութիւններու իւրաքանչիւրի մասին։

Կեանքի վկաներ։ Երկուքն ալ խոր հոգեւոր կեանք կ՛ապրէին, սակայն երկուքն ալ սխալներ գործեցին. Պետրոս ուրացաւ Տէրը, Պօղոս հալածեց Աստուծոյ Եկեղեցին։ Երկուքն ալ դէմ յանդիման գտնուեցան Յիսուսի հարցումին դիմաց, Պետրոսը «կը սիր՞ես զիս» հարցումին, ու Պօղոսը  «Սաւուղ ի՞նչու կը հալածես զիս»։ Պետրոս տխրեցաւ այդ հարցումին առջեւ Պօղոսը կուրցաւ Յիսուսի խօսքերէն։

Յիսուս զանոնք կոչեց իրենց անունով ու փոխեց անոնց կեանքը, ապա վստահեցաւ անոնց, այն երկու զղջացած մեղաւորներուն։

Քրիստոնէական կեանքի մեկնարկի կէտը՝  արժանի ըլլալը չէ։ Տէրը հրաշքները կը գործէ ոչ թէ անոնց միջոցաւ որոնք իրենք զիրենք արդար կը համարեն, այլ անոնց միջոցաւ որոնք կարիքաւոր են։ Ան գրաւուած չէ մեր տաղանդներով, մեզ չի սիրեր անոնց համար, այլ կը սիրէ այնպէս ինչպէս որ ենք։

Պետրոսը մեղաւոր էր։ Պօղոսը չէր ուզէր նոյնիսկ որ զինք առաքեալ կոչեն, ու անոնք կեանքը ապրեցան նոյն խոնարհութեամբ, մինչեւ մահ. Պետրոս գլխիվար խաչուած, որովհետեւ ինքզինք արժանի չէր նկատեր Տիրոջ մահով մեռնիլ ու Պօղոսը գլխատուած։

«Ո՞րն էր գաղտնիքը որ զանոնք մղեց յառաջ ընթանալու համար», հարց տուաւ Սրբազան Պապը ու պատասխանեց. «Տիրոջ Ներումը», եւ ահա թէ ինչու անոնք ներումի վկաներ են։

 Անոնք վերագտան Տիրոջ ողորմութեան զօրութիւնը որ զանոնք վերակենդանացուց։ Այդ ներումին մէջ գտան անդորրութիւն ու երջանկութիւն։ Անոնք մարդկայնօրէն ձախողած էին սակայն հանդիպեցան իրենց ձախողութիւններէն աւելի մեծ սիրոյ մը, այնպիսի զօրեղ ներում մը, որ բուժեց զանոնք ։

«Ներումէն որ կը վերսկսի ամէն բան։ Այնտեղ՝ խոստովանանքի մէջ է որ կը գտնենք մենք զմեզ» հաստատեց Սրբազան Պապը մատնանշելով երրորդ վկայութեան ՝ Վկաները Յիսուսի։

Պետրոս արդարեւ հռչակեց «դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ կենդանի որդին»։ Անոր վկայութիւնը ծնունդ կ՛առնէ կենդանի Յիսուսին հետ հանդիպումէն։ Նոյնը կ՛ընէ նաեւ Պօղոսը իր նամակներուն մէջ կրկնելով «Քրիստոս» բառը, գրեթէ չորս հարիւր անգամ։ Անոր համար Քրիստոսը պարզ տիպար մը չէ, այլ կեանք է։ Յիսուս անոր ներկան ու ապագան է։

Այս երկու վկաներու դիմաց հարց տանք «ես Յիսուսին հետ հանդիպումը կը նորոգե՞մ ամէն օր»,  «որովհետև Տէրը վկաներ կը փնտռէ, որոնք ամէն օր կը կրնկեն դուն իմ կեանքս ես» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Յիսուսին հանդիպելէ ետք, փորձարկելէ ետք Անոր ներումը, առաքեալները վկայեցին նոր կեանքը ու զայն ըրին անձնուիրումով։ Մենք ալ խնդրենք շնորհքը՝  Յիսուսին հետ առօրեայի յարաբերութիւնը  չ՛ապրելու որպէս  գաղջ քրիստոնեաներ, ու անոր ներումի ուժին մէջ գտնելու մեր արմաները։ Յիսուս մեզի ալ հարց կու տայ«կը սիրե՞ս զիս»։ Թոյլ տանք որ այդ բառերը ներթափանցեն մեր մէջ ու խրախուսեն իղձը չի գոհանալու քիչով այլ ցանկալու կատարեալը՝ որպէսզի մենք եւս դառնանք Յիսուսին կեանքի վկաները։

Քարոզի աւարտին Քահանայապետը մատնանշեց Պալիումներու օրհնութեան ու յանձնումին, նշելով որ Պալիումը կը յիշեցնէ գառնուկը զոր Հովիւը կանչուած է կրելու ուսերուն վրայ։ Ան նշան է թէ Հովիւները չեն ապրիր իրենց, համար այլ ոչխարներուն համար – ըսաւ Սրբազան Պապը ապա ողջունեց  Կ Պոլսոյ Պատրիարքութեան պատուիրակութեան անդամները նշելով թէ անոնց ներկայութիւնը յիշեցում է թէ պէտք է միշտ յանձնառու ըլլալ միութեան ճանապարհին վրայ որովհետեւ՝  միասին՝  հաշտուած Աստուծմով ու ներած իրար զիրար՝ կանչուած ենք մեր կեանքով ըլլալու՝ Յիսուսին վկաները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2019, 10:30