Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը Պլաժի մէջ։

«Այստեղ Պալժի մէջ, նահատակութեան, ազատութեան եւ ողորմութեան վայր, յարգանքի տուրք կը մատուցեմ ձեզի՝ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գաւակներ, որ երեք դարերէ ի վեր առաքելական գորովով կը վկայէք ձեր հաւատքը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ռումանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան երրորդ օրը, Պլաժ քաղաքի մէջ նախագահած երանացումի սուրբ պատարագի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքէն  առաջ ուզեց յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղել իրեն  վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար, յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնելով Ռումանիայի Նախագահին եւ իշխանութիւններուն ճամբորդութեան ծիրէն ներս գործնական համագործակցութեան համար։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ռումանիայի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ պատրիարք Դանիէլին, Սիւնհոդոսին, կղերին ու հաւատացեալներուն. որոնք զիս «ընկալեցին եղբայրաբար» ըսաւ Ան,  հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնները որպէսզի թիկունք կանգնի Օրթոտոքս եկեղեցւոյ առաքելութեան։

Ապա շնորհակալութիւն յայտնելով Կաթողիկէ հասարակութեան ըսաւ. «Այստեղ Պալժի մէջ, նահատակութեան, ազատութեան եւ ողորմութեան վայր, յարգանքի տուրք կը մատուցեմ ձեզի՝ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գաւակներ, որ երեք դարերէ ի վեր առաքելական գորովով կը վկայէք ձեր հաւատքը»։ 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ բոլորը յանձնեց Սուրբ  Կոյս Մարիամի հովանիին «յառաջանալու դէպի իսկական զարգացումի եւ խաղաղութեան ապագայ մը  ու սատարելու՝ միշտ աւելի արդար եւ եղբայրական հայրենիքի կառուցումին» ըսաւ Ան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2019, 12:14