Որոնել

Սուրբ Պետրոսի հրապարակ Սուրբ Պետրոսի հրապարակ 

Մարեմեան Աղօթք. Քահանայապետին մտահոգութիւնն ու ցաւը Սուտանի իրավ

Քահանայապետը հրաւիրեցաղօթել որպէսզի դադրին բռնութիւնները ու երկխօսութեան միջոցաւ որոնուի հասարակաց բարիքը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 09 Յունիս 2019-ի առաւօտեան, Հոգեգալստեան տօնին առթիւ  Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ մատուցած Սուրբ պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, նոյն վայրէն արտասանեց «Ուրախ Լեր Թագուհի» կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն առաջ ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ վերյիշեց՝ թէ երէկ «Քրաքովիայի մէջ տեղի ունեցաւ Երանելի Միքելէ Կիէտրոյչի Երանացման գոհաբանական պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիթուայի եւ Լեհաստանի եպիսկոպոսները հաստատելով որ այս ձեռնարկը կը քաջալերէ զանոնք ամրապնդելու իրենց միջեւ կապերը։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետը հուսկ մտահոգութիւն ու ցաւ արտայայտեց այս օրերուն Սուտանէն եկած լուրերուն համար հրաւիրելով աղօթել Սուտանի ժողովուրդին համար ու աղօթել նաեւ որպէսզի դադրին բռնութիւնները ու երկխօսութեան միջոցաւ որոնուի հասարակաց բարիքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկէն ողջունեց հրապարակ ժամանած իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորները, քաջալերելով բոլորը բացուելու Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան՝ ու խարիզմերու զանազանութիւններու միջոցաւ  աշխարհին նուիրելու հաղորդութեան մէջ եղբայրութեան համապատկերը։

«Այս շնորհքը մեզի համար ընդունի Սուրբ Կոյսը, որուն Մայրական բարեխօսութեան կ՛ապաւինինք որդիական վստահութեամբ»  ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներու  մասնակցութեամբ աղօթեց Մարեմեան աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2019, 11:53