Միասիոներական համաշխարհային օր Միասիոներական համաշխարհային օր 

Միսիոներական համաշխարհային օրուայ Քահանայապետական պատգամ։

Միսիոնարներուն ու բոլոր անոնց՝ որոնք որեւէ ձեւով իրենց սուրբ Մկրտութեան բերումով կը մասնակցին Եկեղեցւոյ առաքելութեան, ի սրտէ կ՛ուղարկեմ իմ օրհնութիւնս

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 9 Յունիս 2019-ին լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Միսիոներական Համաշխարհային օրուայ պատգամը որուն այս տարուայ խորագիրն է «Մկրտեալներ եւ առաքուածներ. Քրիստոսի Եկեղեցին աշխարհի մէջ առաքելութեան մէջ»։

Ունկնդրէ լուրը

Միսիոներական համաշխարհային օրը կը յիշատակուի կիրակի 20 հոկտեմբերին,  տրուած ըլլալով որ Հոկտեմբեր ամիսը ընդհանրապէս նուիրուած է միսիոներութեան։

Միսիոներական համաշխարհային օրուայ պատգամի հրապարակումին առթիւ Նորին Սրբութիւնը Քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ հետեւեալ գրառումը կատարեց «Միսիոնարներուն ու բոլոր անոնց՝ որոնք որեւէ ձեւով իրենց սուրբ Մկրտութեան բերումով կը մասնակցին Եկեղեցւոյ առաքելութեան, ի սրտէ կ՛ուղարկեմ իմ օրհնութիւնս»։

2019-ի Միսիոներական ամսուայ առթիւ հրապարակած պագտամին  սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը կը նշէ թէ ինք «համայն եկեղեցիէն խնդրած է ապրիլ միսիոներական բացառիկ ժամանակ մը, յիշատակելու համար Պենետիկտոս ԺԵ քահանայապետի՝  30 նոյեմբեր 1919-ին հրատարակած «Maximum illud» առաքելական նամակը», որ «առաքելական  մարգարէական առաջարկ մըն է« եւ որ «զիս համոզեց  թէ որքան այսօր եւս կարեւոր է նորոգել Եկեղեցւոյ միսիոներական յանձնառումը, Աւետարանական իմաստով վերա - որակաւորելով անոր առաքելութիւնը՝ աշխարհին հռչակելու ու փոխանցելու Յիսուս Քրիստոսի փրկութիւնը»կը գրէ Նորին Սրբութիւնը որ ասկէ մեկնելով  կը շեշտէ որ «Եկեղեցին աշխարհի մէջ  առաքելութեան մէջ է» ու թէ ամէն մկրտեալ պէտք է մասնակցի այդ առաքելութեան, բաժնեկցելով ձրիօրէն ընդունած պարգեւները, որովհետեւ եւ ոչ մէկը անիմաստ ու ապարդիւն է Աստուծոյ սիրոյն համար։ Իւրաքանչիւրս արդարեւ աշխարհի մէջ առաքելութիւն է որովհետեւ պտուղն է Աստուծոյ սիրոյն։

«Աստուածային կեանքը վաճառուելիք պարգեւ մը չէ, այլ հարստութիւն մը, որ պէտք է նուիրուի, հռչակուի եւ հաղորդուի» կը գրէ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ մատնանշելով թէ «դէպի դուրս եկեղեցի մը կարիքը ունի մշտական ու հետեւողական միսիոներական դարձի,  բազմաթիւ սուրբերու օրինակով»։

«Ձրի ընկալեցինք պարգեւները ու ձրիութեամբ զանոնք կը կիսենք առանց բացառելու ոչ մէկը, որովհետեւ Աստուած կը փափաքի որ բոլոր մարդիկը փրկուին, հասնելով ճշմարտութեան ճանաչումին ու իր ողորմութեան փորաձռութեան, շնորհիւ Եկեղեցւոյ՝ որ է փրկութեան տիեզերական խորհուրդը» կը նշէ Սրբազան Հայրը հաստատելով որ «Եկեղեցին կարիք ունի մարդոց եւ կիներու որոնք վեհանձնութեամբ համապատասխանեն իրենց կոչումին» ու այս ծիրէն ներս մատնանշելով Համա-Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած Սիւնհոդոսին, «ուր կարիքը կայ աւետարանութեան», կը նշէ Սրբազան Պապը որ պատգամի աւարտին կ՛ակնարկէ նեաւ Միսիոներական Քահանայապետական հաստատութիւններուն, զանոնք որակելով Քահանայապետի աջակից  միսիոներական գործիքներ ու այս ուղղութեամբ մաղթանք կը յայտնէ որ  2019-ի հոկտեմբերի միսիոներական բացառիկ ամիսը սատարէ անոնց ծառայութեան վերանորոգումին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2019, 12:30