Որոնել

Քամերինոյի  Համալսարանի նոր կառոյցը Քամերինոյի Համալսարանի նոր կառոյցը 

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ «Քամերինօ Սան Սեվերինօ Թեմի երկարաշարժի զոհ շրջանները։

2016-ի 24 օգոստոսին արդարեւ ահեղ երկրաշարժ մը հարուածած էր կեդրոնական իտալիան պատճառելով 298 զոհ ու ահաւոր աւերներ ոչ միայն կառուցուածքային այլեւ հոգեկան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 16 Յունիս 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն պիտի տայ Իտալիոյ կեդրոնական Մարքէ շրջանին մէջ գտնուող «Քամերինօ Սան Սեվերինօ» Թեմի 2016-ի երկրաշարժի զոհ շրջաններուն։

Ունկնդրէ լուրը

2016-ի 24 օգոստոսին արդարեւ ահեղ երկրաշարժ մը հարուածած էր կեդրոնական իտալիան պատճառելով 298 զոհ ու ահաւոր աւերներ ոչ միայն կառուցուածքային այլեւ հոգեկան։

Այդ օր Սրբազան Պապը՝ 24 օգոստոսին նախատեսուած հրապարակային ունկնդրութեան փոխարէն նախընտրեց՝ Սուրբ  Պետրոսի հրապարակ ժամանած  ուխտաւորներուն հետ միասին աղօթել Սուրբ Վարդարանը, զոհերու դիտաւորութեան։

Եւ ահա երեք տարիներ  ետք Սրբազան Պապը  կ՛այցելէ երկրաշարժի գօտիին ներքոյ գտնուող  «Քամերինօ Սան Սեվերինօ» Թեմը, որպէս մօտիկութեան արտայայտութիւն

Ան Վատիկանէն կը մեկնի առաւօտեան կանուխ 8ին, Ինքնաթիռով եւ կ՛ուղղուի Քամերինօ քաղաքի համալսարանական մարզակեդրոն ուր կը ժամանէ 45 վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք եւ կը դիմաւորուի Քամերինօ Սան Սերվերինօ թեմի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Ֆրանչեսքօ Մասսարայի կողմէ ընկերակցութեամբ տեղական Մարզպետի, նահանգապետի, Ոստիկանապետի ու Քամերինօ քաղաքի քաղաքապետ Ճանլուքա Փասքուիի եւ Քամերինօ Համալսարանի Բեկտոր՝ Քլաուտիօ Փեթթինարիի։

Սրբազան Պապը նախ այցելութիւն կու տայ Քորթինէ շրջանի մէջ երկրաշարժի բերումով  կառուցուած արտակարգ բնակարաններուն ապա կ՛այցելէ Քամերինօ աթոռանիստ եկեղեցի ու յատուկ հանդիպում կ՛ունենայ Թեմի քաղաքապետարաններու քաղաքապետերու հետ։

Ժամը 10.30-ին Սրբազան Պապը Քավուր անուամբ հրապարակին վրայ կը գլխաւորէ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը  հուսկ նոյն վայրէն կ՛արտասանէ Մարեմեան Աղօթքը մինչ կէսօրուան ճաշը կը բաժնեկցի տեղական կղերի անդամներուն հետ։

Նորին Սրբութիւնը Վատիկան կը վերադառնայ ժամը 15.45-ին.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2019, 08:06