Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը Fe y Alegria դաշնութեան :

« Ապագան՝ կամ դուք յառաջ կը տանիք կամ ալ արդէն վերջ գտած է»:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

19 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց անցեալ 17 յունիսին, Վատիկանի մէջ ընդունած Fe y Alegria միջազգային դաշնութեան անդամներուն:

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր արժեւորեց Alegría դաշնութեան անդամներն ու անոնց գործունէութիւնը, յորդորեց յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել երիտասարդներուն, տրուած ըլլալով որ դաշնութեան անդամներուն մեծամասնութիւն երիտասարդներ են:

«Դուք ապագան էք, նաեւ ներկան եւ ասոր համար է որ պէտք է խանդավառութեամբ գործել : Ապագան կամ դուք յառաջ կը տանիք կամ ալ արդէն վերջ գտած է ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տուաւ, որ ժամանակակից աշխարհը տարամերժ մշակոյթ ունեցող աշխարհ է, ուր բացառուած են իրողութիւնները եւ ուր կը տիրէ անկարգութիւններ:

Աշխարհ մը ուր մերժուած են բազմաթիւ մանուկներ՝ զուրկ դպրոցական կրթութենէ, մերժուած են տարեցներ, որովհետեւ խանգարիչ տար նկատուած են : վերջապէս մերժուած են այն բոլոր բաները որոնք չեն ծառայեր տնտեսականութեան զարգացման: Ըսաւ Ֆարնչիսկոս պատգամի աւարտին:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2019, 12:46