Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը «Բոլոր հաւատացեալները միասին էին, եւ բոլոր բաները հասարակաց էին»։

«Մերձեցումն ու միութիւնը հաւատացեալներու կեանքի ապրելակերպ է» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անոնք միշտ կը յարատեւէին առաքեալներուն ուսուցումին ու հաղորդութեան, հաց կտրելու եւ աղօթելու մէջ։ … Բոլոր հաւատացեալները միասին էին, եւ բոլոր բաները հասարակաց էին:  Կը ծախէին իրենց ստացուածքներն ու ինչքերը, եւ անոնց գինը կը բաժնէին բոլորին, որո՛ւ որ պէտք ըլլար: (Գործք առաքելոց 2, 42. 44-45):

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի 26 Յունիս 2019-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ աւանդական հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը որուն առթիւ շարունակեց խորհրդածել առաքեալներու գործեր գիրգի մասին յատկապէս  ներշնչուելով գիրքէն քաղուած վերոնշեալ հատուածէն, ուր շեշտը կը դրուի  քրիստոնեայ առաջին հասարակութեան վրայ որ կը վայելէ Պենտեկոստէի՝ Հոգեգալստեան պտուղները։  

«Սուրբ Հոգւոյն զեղումի միջոցաւ բազմաթիւ անձեր ընդունեցան բարի լուրը, Քրիստոսի մէջ փրկութիւնը, ու Անոր միացան ազատ կամքով, դարձի գալով եւ ընդունելով սուրբ մկրտութիւնը եւ  իրենց կարգին ընկալելով Սուրբ Հոգւոյն պարգեւները» - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը նկատել տալով որ «Սուրբ Գիրքը կը պատմէ որ երեք հազար հոգի անդամակցեցան քրիստոնեայ առաջին հասարակութեան», մինչ Ղուկաս աւետարանիչը կը նշէ որ Երուսաղեմի եկեղեցին ամէն մէկ քրիստոնեայ հասարակութեան նմուշն է, եղբայրութեան հրապուրիչ խճանկար մը։

«Գործք առաքելոցի հատուածը մեզի թոյլ կու տայ նայելու առաջին քրիստոնեաներու բնակարանի պատերէն անդին, ուր անոնք որպէս Աստուծոյ ընտանիք կ՛ապրէին սիրոյ հաղորդութեան մէջ, որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Անոնք արդարեւ  միշտ կը յարատեւէին առաքեալներուն ուսուցումին ու հաղորդութեան, հաց կտրելու եւ աղօթելու մէջ։ Անոնք ապա միջանձնական յարաբերութեան յատուկ որակ մը, հոգեւոր եւ նիւթական հաղորդութեան մէջ։ Անոնք կը յիշեն Տէրը՝ հացի բեկանումի միջոցաւ, այսինքն Սուրբ Հաղորդութեամբ, ապա Աստուծոյ հետ կը զրուցեն աղօթքի մէջ։

Հակառակ մարդկային ընկերութեան՝ ուր միտում կայ յարաբերութիւնը հիմնել սեփական շահերու վրայ ու շատ անգամ ուրիշները չարաշահելով, հաւատացեալներու հասարակութիւնը կը մերժէ  անհատականութիւնը նպաստելու համար բաժնեկցութեան ու զօրակցութեան։

«Բոլոր հաւատացեալները միասին էին, եւ բոլոր բաները հասարակաց էին:  Կը ծախէին իրենց ստացուածքներն ու ինչքերը, եւ անոնց գինը կը բաժնէին բոլորին, որո՛ւ որ պէտք ըլլար»:

«Մերձեցումն ու միութիւնը հաւատացեալներու կեանքի ապրելակերպ  է» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով սուրբ մկրտութեան շնորհքին, որ յայտնութիւն է Քրիստոսի մէջ եղբայրներու կապին,  որոնք կանչուած են բաժնեկցութեան։

«Եկեղեցին մեկնելով հաղորդութենէն ու եղբայրութենէն  կարող է ապրիլ ծիսական իսկական կեանք մը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւէր ուղղելով «Աղօթելու Սուրբ Հոգւոյն, որպէսզի մեր հասարակութիւնները դառնան վայրեր՝ ուր կարելի է ընկալել ու ապրիլ նոր կեանք մը, հաղորդութեան ու զօրակցութեան արարքները. Վայրեր՝ ուր ծէսը հանդիսանայ հանդիպում Աստուծոյ հետ որ կը դառնայ ապա հաղորդութիւն եղբայրներու եւ քոյրերու հետ։ Վայրեր որոնք միշտ բաց դռներ ըլլան Երկնային Երուսաղէմի վրայ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2019, 10:16