Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Ամենասուրբ Երրորդութեան ու Ստրուկներու» միաբանութեան Վարչական Ժողովին մասնակիցները Քահանայապետին մօտ:

«Ձեզ կը խրախուսեմ քալելու միշտ աղքատներու ու ստրուկներու հետ» ու Սուրբ Երրորդութեան ամէն մէկ տան մէջ կարողանաք ըլլալ Յիսուսին վկաները»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 15 յունիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդուելէ ետք Կարդինալ Մարք Ուելլէն՝ եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը, Հայր Միքայէլ Լասլէյ ՝ Անկլիքան քահանայ մը որ կը գործէ ընկերային աարդարութեան համար, ապա աշխատաւորներու  միութեան պատուիրակութիւն մը, Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց «Ամենասուրբ Երրորդութեան ու Ստրուկներու» անուամբ միաբանութեան Վարչական Ժողովին մասնակիցներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Միաբանութեան առաքելական գործունէութեան համար,  ու անոնց՝ դպրոցներուն, ժողովրդապետութիւններուն, բանտերուն ու այլ բարեսիրական հաստատութիւններուն ներքոյ մատուցած «ողորմութեան» ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ տառապող եկեղեցիներուն ցուցաբերած աջակցութեան համար։

«Ձեզ կը խրախուսեմ քալելու միշտ աղքատներու ու ստրուկներու հետ» ու «Սուրբ Երրորդութեան ամէն մէկ տան մէջ կարողանաք ըլլալ Յիսուսին վկաները, որ եկաւ աղքատներուն բերելու բարի լուրը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով Միաբանութեան Ժողովի նիւթին որուն առանցքը կը կազմէ «կոչումներու ու երիտասարդներու հովուական ծառայութիւնը», որ, ըսաւ Քահանայապետը, եկեղեցւոյ համար կենսական նիւթ մըն է։

Ան ապա ակնարկեց երիտասարդական աշխարհին հետ հաղորդակցութիւն հաստատելու դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ յարաբերականութեան յառաջացուցած «դատարկութեան» ու կարեւոր ու մեծ թեմաներու իմաստի կորուստին, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երիտասարդներու «ներունակ» աշխարհի մէջ փակումին,  ու ասկէ մեկնելով ակնարկեց այսօրուայ երիտասարդներուն ձգտումներուն  ու կարիքներուն, հրաւիրելով ներկաները իրենց օգնութիւնը մատուցելու անոնց «ներդաշնակութիւն» դնելով անոնց կեանքին ու ընտրանքներուն մէջ առանց սակայն անոնցմէ խլելու իրենց կեանքի դերակատար ըլլալու հանգամանքը։

«Ասոր համար հարկաւոր է ստեղծագործ աշխատանք որուն մեկնակէտը  հովուական դարձն է» ըսաւ ապա Քահանայապետը ու այս ծիրէն ներս շեշտը դրաւ երիտասարդներուն ու կոչումի հայող մի քանի մարտահրաւէրներուն վրայ, որոնց շարքին նշեց «մօտիկութիւնն ու առաջնորդութիւնը» հաստատելով որ երիտասարդական ու կոչումի հովութիւնը կարիքը ունի մօտիկութեան ու առաջնորդութեան, նման Յիսուսին որ մօտիկ եղաւ Եմմաւուսի աշակերտներուն ու զանոնք առաջնորդեց ակնաղբիւրին, բանալով անոնց աչքերը։

«Բացէք ձեր տուներու դռները որպէսզի անոնք ձեր հետ կիսեն ձեր աղօթքն ու եղբայրութիւնը։ Անոնք կարիքը ունին սիրուած ըլլալու։ Անոնց համար եղէք երեց եղբայրներ որոնց հետ կարելի է երկխօսութիւն հաստատել եւ որոնց վրայ կարելի է վստահիլ։  Մտիկ ըրէք անոնց ու զրուցեցէք անոնց հետ՝ զատորոշում կատարելով  միասնաբար։

Երկրորդ մարտահրաւէրը «դէպի դուրս» ըլլալն է ըսաւ Քահանայապետը, դիտել տալով որ հարկաւորութիւնը կայ երթալու դէպի երիտասարդները ու զբաղելու նաեւ անոնցմով որոնք հեռու կը գտնուին։ Ձեզ կը քաջալերեմ քալելու անոնց կից, դուրս ելլելով նախապատրաստուած ուրուագիծերէն ու անոնց տալով յարատեւող ական վկայութիւն։  «Ձեր պարտականութիւնն է ցանել, ապա Աստուած կ՛աճեցնէ ու մի գուցէ ուրիշները քաղեն հունձքը» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը խրատելով նաեւ ունենալ հովուական ծառայութիւն մը՝  լի Յիսուսով որ միակ Ճանպահն է որ զանոնք կը տանի դէպի Հայրը, միակ Ճշմարտութիւնը որ կը յագեցնէ անոնց ծարաւը ու միակ Կեանքը որուն համար կ՛արժէ թողուլ ամէն ինչ։

Ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց Սրբութեան մարտահրաւէրին զայն նկատելով կրօնական կեանքին ուժն ու նպատակը ինչպէս նաեւ երիտասարդներուն ի նպաստ գործունէութիւն, «այսինքն զանոնք առաջնորդել Աստուծոյ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Ձեզմէ խնդրուած է ըլլալ յոյսի եւ նորութեան մարգարէներ, ձեր կեանքի վկայութեամբ՝ ձեր կոչումին ուրախութեան մարգարէները» յարեց Սրբազան Պապը որ ճառին աւարտին խրախուսեց ներկաները «ոտքի կանգնիլ՝ որովհետեւ երիտասարդները մեզ կը սպասեն», հուսկ բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը,  ինչպէս միշտ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն  համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2019, 13:11