Սքոլաս Օքուրենթես Սքոլաս Օքուրենթես 

ֆրանչիսկոս Պապ «ճակատիլ ուրիշը նսեմացնելու երեւոյթին դէմ»:

Նուաստացումի երեւոյթը յաղթահարելու միակ ուղին կը գտնենք միասին ապրելու, երկխօսութիւն կատարելու, յարաբերութիւններ ստեղծելու մէջ :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Սքոլաս Օքուրենթես» քահանայապետական հիմնարկը վերջերս կազմակերպած է դասախօսութիւն մը քննարկելու համար ուրիշին պատիւն ու արժանապատուութիւնը նսեմացնելու հետ աղերս ունեցող հարցերն ու երեւոյթները «Պուլլիսմ»:

Ուրբաթ, 21 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամով մը իր յորդորները փոխանցեց դասախօսութեան մասնակիցներուն թելադրելով կարգ մը կէտեր: Ան նախ եւ առաջ յորդորեց, որ երիտասարդները իրենց ինքնութիւնը գտնեն երկխօսութեան, խոկումի գործընթացի միջոցաւ:

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ մարդու մը՝ վերէն վար կարելի է նայիլ, միայն այն ժամանակ երբ՝ ձեռք կու տանք, որպէսզի այդ ուրիշը կարենայ վերակագնիլ:

Ան ապա նկատել տուաւ, որ երբ խումբի մը, դպրոցի մը, շրջանի մը մէջ առկայ են նախայարձակումի երեւոյթներ, հոն կը գտնենք յարձակողին ինքնութեան աղքատութիւնը,  անձ մը, որ կարիք կը զգայ յարձակելու, ինքզինք՝ մարդ մը զգալու համար:

Նորին Սրբութիւնը , Քահանայապետական հիմնարկի դասախօսութեան մասնակիցներուն ուշադրութեան յանձնեց այն իրողութիւնը, թէ ոչ դեղարաններու ոչ իսկ բուժարաններուն մէջ կը գտնենք, ուրիշը նսեմացնելու ախտին դարմանումը, այդ հարցին լուծման համար միակ ձեւը, ուրիշներուն հետ ապրիլն է, ուրիշներուն հետ երկխօսութիւն կատարելն է  ինչպէս նաեւ ժամանակ տրամադրել՝ ուրիշներու հետ քալելու համար, որովհետեւ ըսաւ Սրբազան Հայրը ժամանակ յատկացնել կը նշանակէ յարաբերութիւն ստեղծել :

Ան ապա քաջալերեց, որ պէտք չէ ուրիշներէն վախնալ որովհետեւ,  բոլորս բարի բան մը ունինք տալիք ուրիշներուն եւ իւրաքանչիւր անձ կարիք կը զգայ՝ ուրիշէն  բարի բան մը ստանալու:

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտելով, որ երկխօսութիւնը մեզ կ՝օգնէ միասին քալելու՝ յարգելով մեր բազմազանութիւնները: Ան եզրափակեց պատկերասփռուած պատգամը քաջալերելով ճակատ բանալ ուրիշին արժանապատուութիւնը նսեմացնող երեւոյթին դէմ ու յորդորելով որ երկխօսութեան ինչպէս նաեւ ուրիշը անսալու ուղիներուն դիմենք, խաղաղութեան ձեռքբերման համար:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2019, 14:11