Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Վատիկանի նամակատան եւ հեռաձայնի սպասարկութեան պաշտօնեաները:

Վատիկանի նամակատան եւ հեռաձայնի սպասարկութեան պատօնեաներուն թանկարժէք ծառայութեան շնորհիւ ամէն օր բամաթիւ անձեր կապ կը պահեն Քահանայապետին հետ եւ Պապը իր կարգին հաւատացեալներուն հետ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 6 յունիս 2019-ին, կէսօրին Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Վատիկան քաղաքի նամակատան եւ հեռաձայնի սպասարկութեան պաշտօնեաներն ու անոնց ընկերացող ընտանեկան պարագաները:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ սրբազան Հայրը կարեւորելով հաղորդակցութեան սպասարկութիւնը նշեց, թէ պատմութեան հոլովոյթին Պապերը, Պետութիւններուն ղեկավարներուն, տարբեր ազգերուն,  հասարակութիւններուն եւ հաւատացեալներուն հետ միշտ շեշտած են հաղորդակցութեան հրամայականը:

Ան ապա գնահատեց եւ բարձր արժեւորեց հաղորդակցութեան ծիրէն ներս վերջին տասնեակ տարիներու մեծ ներդրում ունեցող կրօնական երկու ընտանիքները՝ «Աստուածային նախախնամութեան զաւակներ»   Եւ « Սուրբ Պօղոսի»  անուան միաբանութիւնները,  շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց վեհանձն ու հաւատարիմ ծառայութեան համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Վատիկանի նամակատունի եւ հեռաձայնի սպասարկութեան պաշտօնեաներուն առօրեայ աշխատանքին համար, զայն նկատելով համեստ աշխատանք՝ ի սպաս սուրբ Պետրոսին յաջորդին, որուն կ՝ապահովուեն հաղորդակցութեան եւ արտայայտուելու ազատութիւնը, ֆիզիկական ցանցի միջոցաւ, որ օժտուած է նորարական գործիքներով:Ան դիտել տուաւ որ պաշտօնեաներուն թանկարժէք ծառայութեամբ, ամէն օր բամաթիւ անձեր կապ կը պահեն Քահանայապետին հետ, եւ Պապը իր կարգին այդ հաւատացեալներուն հետ: 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց հաղորդակցութեան իւրայատկութեան, որ կը խօսի հասարակաց լեզու եւ կը ստեղծէ կամուրջներ՝ մշակոյթներու, կրօններուն եւ տարբեր ընկերութիւններուն միջեւ: ըսաւ Ան աւելցնելով Վատիկանի նամակատունի եւ հեռաձայնի սպասարկութիւնները կ՝երաշխաւորեն զգացումներու եւ գաղափարներու բաժնեկցութիւնը, ու կը սատարեն փոխ ըմբռնումի զարգացման ինչպէս նաեւ տարբեր ցամաքամասերու , երկիրներու միջեւ համագործակցութեան, դիւրացնելով՝ ըլլայ ապրանքներու փոխանակումը եւ ըլլայ հոգեւոր եւ մշակութային արժէքները: :

Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով վատիկանի պաշտօնեաներուն ծառայութեան այլ յատկութեան, որ  է  ժողովուրդին հետ  անմիջական կապը,  խնդրեց անոնցմէ, որ տիպար հանդիսանան՝ Քրիստոնէական վճռակամ վկայութեան :
Ան Վատիկան քաղաքին մէջ աշխատանքը նկատեց, սեփական հաւատքի յաւելեալ յանձնառութիւն, ապա հրաւիրեց, որ վատիկանի պաշտօնեաներուն իւրաքանչիւր ընտանիք դառնայ փոքրիկ եկեղեցի մը,  որուն ներքեւ հաւատք եւ կեանք կը միանան,  ապրելով առօրեայի տխուր եւ ուրախ դէպքերը:

Սրբազան Հայրը եզրափակեց իր խօսքը քաջալերելով Վատիկանի պաշտօնեաները յարատեւելու իրենց ուղեւորութեան մէջ ուրախութեամբ եւ վստահութեամբ: Ան ապա հայցելով սուբր Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը  բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը, խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2019, 13:00