Հոգեգալստեան տօնի Պատարագ Վատիկանի մէջ Հոգեգալստեան տօնի Պատարագ Վատիկանի մէջ 

«Սուրբ Հոգին ներդաշնակութիւն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ Հոգեգալստեան տօնի Պատարագի իր քարոզին մէջ։

Առանց Սուրբ Հոգիին Եկեղեցին կը մնայ լոկ կազմակերպութիւն մը։ Սուրբ Հոգին Եկեղեցւոյ առաջին ու վերջին պահանջն է։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 9 Յունիսին կը յիշատակուի Պենտեկոստէի՝  Հոգեգալստեան տօնը։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան 10.30-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ գլխաւորեց Հոգեգալստեան տօնի հանդիսաւոր Սուրբ պատարագը որուն առթիւ արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուան խորհուրդի՝ Սուրբ Հոգւոյն գալստեան վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Պենտեկոստէն հասաւ անորոշ իրավիճակի յիսուն օրերէն ետք։ Աշակերտները մէկ կողմէն տեսած էին Յարուցեալ Տէրը, սակայն միւս կողմէն տակաւին կ՛ապրէին վախի ու տատամսումի մէջ։ Եւ կը հասնի Սուրբ Հոգին ու բոլոր մտահոգութիւնները կ՛անհետանան։ Առաքեալներուն վախը կը փարատի ու մինչ առաջ կ՛ապրէին պահուըտած վերնատան մէջ, այժմ հրապարակաւ ամենուրէք  կը տարածեն Աւետարանը։

Աշակերտներուն պատմութիւնը որ կարծես հասած էր իր աւարտին, Սուրբ Հոգիին գալուստով փոխուեցաւ ու երիտասարդացաւ։ «Հոգին Սուրբ անոնց մէջ յարուցեց ներդաշնակութիւնը, որովհեեւ Ինք ներդաշնակութիւն է» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ Հոգին Սուրբն է որ կը կենդանացնէ Յիսուսը մեր մէջ ու մեզի կը շնորհէ ներքին յարութիւն մը։ 

Յիսուս իր աշակերտներուն  հանդիպելով կրկնեց «խաղաղութիւն ձեզի» խօսքը  ու պարգեւեց Սուրբ Հոգին։ Խաղաղութիւնը արդարեւ կ՛իրականանայ Սուրբ Հոգին ընկալելով։ Խաղաղութիւն մը որ սիրտը կը դարձնէ խոր ծովուն նման որ միշտ հանդարտ է նոյնիսկ երբ անոր մակերեսը ալեկոծ է։  

«Այդ մէկը Ներդաշնակութիւն մըն է որ կարող է հալածանքները փոխակերպել Երանութիւններու» յարեց Սրբազան Հայրը, ակնարկելով ժամանակակից արագընթաց կեանքին, ուր ներդաշնակութիւնը կղզիացած է եւ ուր յաճախ կը փնտռուին արագ լուծումներ,  յառաջ ընթանալու համար եւ ուր կարիքը ունինք Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան, որովհետեւ Ան է որ կարգ ու կանոն կը դնէ մեր կեանքին մէջ։ 

Ան անդորրութիւն է շփոթութեան մէջ, վստահութիւն է յուսալքումի պահուն, ուրախութիւն է տխրութեան մէջ, երիտասարդութիւն է ծերութեան մէջ ու քաջութիւն՝ փորձութեան ընթացքին։ Ան է որ տակաւին յոյս կը ներշնչէ կեանքի փոթորկալից հոսանքներու ընթացքին։ Մխիթարիչն է՝ որ մեզի կը փոխանցէ Աստուծոյ քնքշութիւնը։

Առանց Սուրբ Հոգիին քրիստոնէական կեանքը զերծ կը մնայ այն սէրէն որ ամէն ինչ կը միացնէ։ Առանց Սուրբ Հոգիին Յիսուս կը մնայ լոկ անցեալի անձնաւորութիւն մը, մինչ Սուրբ Հոգիին հետ Ան այսօր եւս կենդանի անձ մըն է։

Առանց Սուրբ Հոգիի քրիստոնէութիւն մը, առանց ուրախութեան բարոյականութիւն է ՝մինչ Հոգիւջին հետ կեանք է։ 

Սուրբ Հոգին ներդաշնակութիւն կը բերէ մարդոց միջեւ։ Ան մեզ Եկեղեցի կը դարձնէ ինչպէս կը գրէ Սուրբ Պօղոսը «Պարգեւներ թեպէտ զանազան են, սակայն հոգին նոյնն է, պաշտօնները տարբեր են սակայն Տէրը նոյնն է ,  ու ներգործութիւնները զանազան են սակայն Աստուած նոյնն է»։

Հոգին Սուրբ շնորհապարգեւները կը բաշխէ երեւակայութեամբ, առանց միաձեւ դարձնելու զանոնք ու այդ տարբերութիւններու ու զանազանութիւններէն մեկնելով է որ կը կառուցէ միութիւնը ու կը ստեղծէ ներդաշնակութիւնը։ 

Այսօր ներդաշնակութեան պակասը աշխարհի մէջ դարձած է բաժանում։ Կան մարդիկ որ շատ ունին եւ այլք որոնք ոչինչ ունի, կան անոնք որոնք կը փորձեն ապրիլ 100 տարի, իսկ ոմանք ոչ իսկ կրնան աշխարհ գալ։ 

Համակարգիչներու դարաշրջանին մէջ մենք միշտ աւելիով «ընկերային» ենք սակայն միշտ աւելիով նուազ  «հասարակական»։ Կարիքը ունինք միութեան Հոգւոյն որ մեզ վերակենդանացնէ որպէս Եկեղեցի, որպէս Աստուծոյ ժողովուրդ եւ որպէս եղբայրանան մարդկայնութիւն։

Սուրբ Հոգին արդարեւ տարբեր եռանգները կը ներառէ միեւնոյն ներդաշնակութեան մէջ, որովհետեւ Ան ամէնէ առաջ կը տեսնէ բարին ու կը նայի մարդուն՝ նախ քան անոր սխալներուն, անհատներուն նախ քան անոնց ներգործութիւններուն։ 

Հոգին Եկեղեցին ու աշխարհը կը ձեւաւորէ որպէս վայր զաւակներու եւ եղբայրներու։ Ան որ Սուրբ Հոգւոյն համաձայն կ՛ապրի, խաղաղութիւն կը տանի այնտեղ ուր անհամաձայնութիւն կայ, հաշտութիւն ուր կայ հակամարտութիւն։  

Համտեսելու համար Սուրբ Հոգիին ներդաշնակութիւնը հարկաւոր է որ Անոր հայեացքը դնենք մեր հայեացքին յառաջ եւ այդ ժամանակ է որ ամէն բան կը փոխուի։ 

Առանց Սուրբ Հոգիին Եկեղեցին կը մնայ լոկ կազմակերպութիւն մը։ Սուրբ Հոգին Եկեղեցւոյ առաջին ու վերջին պահանջն է։ 

Աղօթենք ուրեմն ամէն օր։ Սուրբ Հոգի՝ Աստուծոյ ներդաշնակութիւնը, դուն որ վախը կը փոփոխապէս վստահութեան ու փակումը պարգեւի. Եկուր մեր մէջ։ Մեզի տուր յարութեան ուրախութիւնը ու սրտի մշտական երիտասարդութիւնը։ Հոգին Սուրբ, ներդաշնակութիւնն մեր, մեզ դարձուր մէկ մարմին, խաղաղութիւն զեղէ Եկեղեցւոյ ու աշխարհի վրայ։ Մեզ դարձուր ներդաշնակութեան արհեստաւորներ, բարութիւն սերմանողներ եւ յոյսի առաքեալներ։  

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2019, 10:59