Վեհաժողով Վատիկանի մէջ Վեհաժողով Վատիկանի մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապ համ-ամերիկեան դատախազներուն. «գործեցէք ընկերային արդարութեան եւ արժանապատուութեան ի խնդիր:»

Դատախազներ ընկերային բանաստեղծներ կը դառնան այն ժամանակ երբ չեն վախնար ՝արժէքի, արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան յարգանքի վրայ հիմնուած դատական համակարգի փոփոխութեան դերակատարներ դառնալէ :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վերջ գտաւ Վատիկանի մէջ գումարուած քահանայապետական գիտութիւններու կաճարի նախաձեռնած ընկերային իրաւունքներուն եւ Ֆրանչիսկոս պապի ուսուցումի մասին նիւթով վեհաժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին, Համ – ամերիկեան դատախազներ, խորհրդատուներ, փաստաբաններ, դատաւորներ ինչպէս նաեւ վերոնշեալ կաճարի անդամներ::

Ունկնդրէ լուրը

Վեհաժողովին աւարտին, ֆրանչիսկոս Պապ ընդունելով յիշեալ վեհաժողովին անդամները, անոնց յղած ողջոյնի խօսքը կեդրոնացուց ընկերային իրաւունքներու եւ հասարակաց բարիքի վրայ:
Ան շեշտեց, որ ընկերային իրաւունքներն ու հասարակաց բարիքը հրամայական կը նկատուին կասեցնելու համար մեկուսածութեան, անարդարութեան, անհաւասարութեան երեկոյթները՝ որոնց թիրախ են բոլոր մակարդակներուն վրայ երկրագունդի բազմաթիւ մարդիկ:
Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց թէ խիզախ եւ բաժնեկցուած ղեկավարութիւն մը գիտէ ներգրաւել բոլորին, եւ բոլոր մակարդակներու վրայ կը գտնուի արդարութեան ծառայութեան ի խնդիր:

Ան նկատել տալով որ անդորր եւ ուրախ կեանքը քիչերուն տրուած է մինչ անդին հազարաւոր եղբայրներ- մանուկներ զուրկ են նոյնիկ օճախէ շեշտեց որ միջազգային բանակցութիւնները պէտ ենք ունենալ տիեզերական արժէք:

Անդրադառնալով ընկերային հաւասարութեան, յորդորեց որ անհաւասարութիւնը պէտք չէ ունենայ իր վերջին խօսքը: Քաղաք տնտեսական համակարգի առողջ զարգացումը, պէտք է որ երախտաւորել ժողովրդականութիւն մի որ անիկա ոչ միայն անունով ըլլայ այլ թարգմանուի շօշափելի արարքներով, որ կը պաշտպանէ բոլոր բնակչութեան արժանապատուութիւնը՝ հիմք ունենալով հասարակաց բարիքի տրամաբանութիւնը եւ կը զօրակցի բոլորին յատուկէն աղքատներուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց ամերիկացի դատախազները որ ամէն ջանք թափեն վերատեսելու համար վ հաստատութիւնները եւ դիմագրաւեն նոր ընկերային իրականութիւնները նախ եւ առաջ միշտ փնտռելով ծանօթանալ ժողովուդներուն՝մօտենալով անոնց ապրած կացութիւններուն: Ան եզրափակեց իր խօսքը գնահատելով դատախազներուն էական դերակատարութիւնը, դիտել տալով որ անոնք ընկերային բանաստեղծներ կը դառնան այն ժամանակ երբ չեն վախնար ՝ արժէքի, արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան յարգանքի վրայ հիմնուած դատական համակարգի փոփոխութեան դերակատարներ դառնալէ :

Պատգամին աւարտիn ֆրանչիսկոս Պապ ստորագրեց ընկերային իրաւունքներուն պաշտպանութեան հայող յոյժ կարեւոր փաստատութ մը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2019, 10:21