Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Տիրամօր նուիրուած սրբավայրէն ներս:

Տիրամօր նման այո ըսենք, համերաշխութեան արահետներուն վրայէն քալելու:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 1 յունիսին, Տիրամօր Սումուլէու Շուք սրբավայրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը մատուցեց Սուրբ Պատարագ, ներկայութեամբ քաղաքական եւ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն ինչպէս նաեւ աւելի քան 100 հազար հաւատացեալներուն:
Այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը դնելով սրբավայրերուն իմաստին վրայ ըսաւ.
«Սրբավայրերը խորհրդաւոր վայրեր են, գրեթէ դաշտային եկեղեցի հիւանդանոց մը: Սրբավայրեր, որոնց մէջ պահպանուած են հաւատարիմ ժողովուրդի մը յիշատակը, ժողովուրդի մը որ իրենց տառապանքներու մէջ երբեք չտքնեցան կենդանի ջուրի աղբիւրը որոնելու՝ իրենց յոյսը զովացնելու համար» :

Ունկնդրէ լուրը

Սրբավայրերը, տօնակատարութիւններուն, արարողութիւններուն , արցունքներուն եւ աղերսի վայրեր են: Սրբավայրին մէջ, առանց խօսելու, Մօր ոտքերուն տակ կ՝երթանք , թոյլ տալու համար, որ Տիրամայրը մեզի նայի եւ իր հայեացքով մեզ փոխադրէ Անոր որ ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք է: Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ:  Ան  ապա դիտել տուաւ,  որ Սումուլէու Շուք սրբավայրի տարեկան ուխտագնացութիւնը կը պատկանի Անդրսիլվանիոյ ժառանգութեան, ուր մեծարուած հունգարական եւ ռումանական կրօնական աւանդութիւնները: Ժառանգութիւն մը , որուն մաս կը կազմեն այլ դաւանանքներու հաւատացեալներ, եւ սա երկխօսութեան , միութեան, եղբայրութեան խորհրդանիշ է հաստատեց Ան:

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ հոս այս սրբավայրին մէջ, Տիրամօր բարեխօսութիւնը կը հայցենք որպէսզի մեզմէ չխլուի եղբայրութիւնը, բաժանում սնանող ձայներու պատճառով:
Ան յարեց , թէ անցեալի խրթին եւ տխուր դէպքերը, կարելի չէ որ մոռնալ եւ ոչ իսկ մերժել- սակայն այդ տխուր իրադարձութիւնները , ոչ իսկ կրնան խոչընդոտ կամ նիւթ ըլլալ՝ արգելք հանդիսանալու համար եղբայրական համակեցութեան:
Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ ուխտագնացութիւն կատարել կը նշանակէ ինքզինքիս կանչուած եւ մղուած զգալ ՝ միասին ընթանալու, խնդրելով Տիրոջմէ, որ հին եւ այժմէական ցաւերն ու անտարբերութիւնները փոխակերպէ նոր հնարաւորութիւններուն՝ հաղորդութեան ի խնդիր:

Ուխտագնացութիւնը մարտահրաւէր մըն է բացայայտելու եւ սփռելու՝ միասին ապրելու հոգիով: Մարտահրաւէր չվախնալու՝ մխրճուելէ, հանդիպելէ եւ իրար զիրար օգնելէ:

Այս սրբավայրի ուխտագնացութիւնը,  մեր հայեացքը սեւեռել կու տայ Տիրամօր եւ Աստուծոյ ընտրութեան խորհուրդին:
Սուրբ Կոյս Մարիամը , Նազարէթի աղջիկը,  որ կը գտնուէր Հռոմէական կայսրութեան արուարձաններուն մէկուն մէջ,  Իսրայէլի արուարձաններուն մէջ,  այո-ով , կարողացաւ սկիզբ տալ քնքշութեան յեղափոխութեան:
Աստուծոյ ընտրութեան խորհուրդը,  Աստուածյ որ իր աչքերը կը սեւեռէ տկարներուն վրայ՝ շփոթելու համար զօրեղները,  մեզի եւս կը մղէ եւ կը քաջալերէ Տիրամօր նման այո ըսել՝ համերաշխութեան արահետներուն վրայէն ընթանալու: Ան որ ինքզինք կը վտանգէ Տէրը զինք յուսախաբ չթողուր:»

«Միասին ընթանանք թոյլ տալով, որ Աւետարանը, թթխմորը մեր ժողովուրդներուն պարգեւէ փրկութեան ուրախութիւնը:Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը քարոզի աւարտին:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

Photogallery

Ֆրանչիսկոս Պապին պատարագը Տիրամօր նուիրուած սրբավայրին մէջ
01/06/2019, 11:11