Աշխատանք Աշխատանք 

Ֆրանչիսկոս Պապ « պաշտպանել աշխատանքը եւ ստեղծել նոր աշխատավայրեր»:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին պատգամը աշխատանքային միջազգային խոհրդակցութեան մասնակիցներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

10-21 յունիս 2019-ին, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ աշխատանքային միջազգային 108-րդ խորհրդակցութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ եւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան պապին պատգամը ընթերցեց Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի կառավարիչ, Կարդինալ Փիթեր Քոտովօ Ափփիան

Ունկնդրէ լուրը

Աշխատանքային միջազգային խորհրդակցութեան մասնակիցներուն ուղղած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հրամայական նկատած է արժանավայել աշխատանքը՝փոխկապակցուած եւ բարդժամանակից աշխարհի մէջ :

Ան գնահատած է աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան գործունէութիւնները, ապա  շեշտը դրած է անգործութեան ծանր հարցին, աշխատանքի շահագործումի եւ անբարեխիղճ աշխատավարձին հարցերուն վրայ, բարձր արժեւորելով մինչեւ այսօր աշխատանքի կազմակերպութեամ կողմէ ի գործ դրուած բոլոր ջանքերը՝ ընկերային արդարութեան եւ խաղաղութեան կերտման ի խնդիր: 

Սրբազան Հայրը  ապա նկատել տուած է  որ աշխատանքը ոչ միայնէական է մարդ անհատի իրականացման համար այլեւ ընկերային բարգաւաճման համար: Ան ընդգծած է  նոր աշխատավայրեր ստեղծելու եւ աշխատանքը պաշտպանելու կարեւորութիւնը, երաշխաւորելով աշխատանքի արժանապատուութիւնը:

Ինչ կը հայի կայուն զարգացման  ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուած է, որ պէտք է անձն ու աշխատանքը զետեղել զարգացումի կեդրոն, քննարկելով աշխատանքի հարցերու զուգահեռ կենսոլորտի կապուած խնդիրները ապա այս առնչութեամբ ընդգծած է  երեք բառեր երկրագունդ , տանիք եւ աշատանք:

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորած է  անսալ նոր սերունդներուն ձայնին՝ հակադարձելու համար տիրապետութեան կեցուածքին՝ ուրիշին հոգ տանելու միջոցաւ:  Շետշած է  երկրագունդին եւ ապագայ սերունդներուն հոգ տանելու հրմայականը ապա  եզրափակած է  իր պատգամը դարձեալ ակնարկելով նոր սերունդներուն նշելով, որ ինչ որ մենք ստացած ենք,  կը պատկանին նաեւ մեզմէ վերջ եկողներուն:


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2019, 11:04