«Քրիստոնէական  ժողովրդավարութիւն»  կուսակցութեան հիմնադիր՝ Հայր Լուիճի Սթուրցօ «Քրիստոնէական ժողովրդավարութիւն» կուսակցութեան հիմնադիր՝ Հայր Լուիճի Սթուրցօ 

«Քրիստոնէութիւնը դրական ազդեցութիւն ունենայ հասարակաց կեանքի վրայ» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Իտալիոյ «Քրիստոնէական ժողովրդավարութիւն» կուսակցութեան հիմնադիր Հայր Լուիճի Սթուրցոյի նուիրուած գիտաժողովին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աստուծոյ ծառայ Հայր Լուիճի Սթուրցոյի (1871 – 1959) ուսուցումն ու վկայութիւնը կը յիշեցնեն «անհատի առաջնութիւնը ընկերութեան վրայ, ընկերութեան առաջնութիւնը Պետութեան վրայ ու բարոյականութեան առաջնութիւնը քաղաքականութեան վրայ» ու նաեւ «ընտանիքի կեդրոնականութիւնը, սեփական ունեցուածքներու ընկերային գործառոյթը, աշխատանքի եւ խաղաղութեան կարեւորութիւնը». Քահանայապետը այս մէկը կը հաստատէ  պատգամի մը մէջ, որ ուրբաթ 14 յունիսին ուղղեց՝ Իտալիոյ հարաւային շրջանի Քաթանիա նահանգի Քալթաճիրոնէ քաղաքին մէջ Հայր Լուիճի Սթուրցոյի «Բոլոր ազատ ու քաջ մարդոց» ուղղած կոչին հարիւր ամեակին առթիւ կազմակերպուած գիտաժողովի մասնակիցներուն։ Հայր Սթուրցոն եղած է Ւտալիոյ համաժողովրդական «Քրիստոնէական  ժողովրդավարութիւն»  կուսակցութեան հիմնադիրը, որ Բ աշխարհամարտէն ետք իր մէջ համախմբեց Իտալիոյ կաթողիկէները։

Հայր Լուիճի Սթուրցոյի քաղաքականութեան մէջ յանձնառումը իտալացի բազմաթիւ աշխարհականներուն թոյլ տուաւ յաղթահարել «բարոյականութիւն – քաղաքականութիւն» երկընտրանքը ու Աւետարանը չի սահմանել լոկ անձնական ոլորտին։

«Լաւ քաղաքականութիւն մը կախեալ է «մտադրութեան վաւերականութենէն, առաջադրութիւններու բարութենէն ու ի գործ դրուած ազնիւ միջոցներէն» նպատակներուն հասնելու համար» կ՛ըսէր Հայր Սթուրցօ։

Քահանայապետը կը յիշեցնէ  որ «հասարակաց կեանքի բարոյականացումը» Հար Սթուրցոյին համար զօդուած էր «կեանքի կրօնական մէկ ըմբռնումին, որմէ յառաջ կու գայ բարոյական պատասխանատուութեան ու ընկերային զօրակցութեան իմաստը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ մէջբերեց նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ խօսքերը որուն մէջ Ան Հայր Սթուրցոն կ՛որակէ որպէս «Եկեղեցւոյ հնազանդ վարդապետ, Աստուծոյ մարդ որ վեհանձնութեամբ պայքարեցաւ պաշտպանելու եւ մարմնացնելու աւետարանական ուսուցումները, ըլլայ իր Սիկիլիայի հողին վրայ, ըլլայ Անգլիայի ու Միացեալ Նահանգներու աքսորավայրերուն մէջ եւ ըլլայ իր կեանքի վերջին տարիներուն՝ Հռոմի մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2019, 08:00