Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը “iMision” ընկերակցութեան։

“iMision” կաթողիկէ ընկերվարութիւն մըն է որ կը գործէ ի նպաստ «թուային» աշխարհի աւետարանացումին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

13 Յունիսին Մատրիտի մէջ կայացած “iMision” ընկերակցութեան թուային աշխարհի միսիոներներու կազմաւորումի նուիրուած յատուկ օրուան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը արձանագրեց որուն մէջ ողջունելով Օրուան մասնակիցները քաջալերեց զանոնք յառաջ ընթանալու խրատելով ուշադրութիւն դարձնել ոչ  միայն խօսքերուն վրայ այլ նաեւ այդ խօսքերը փոխանցելու պահուն որդեգրուած վարուելակերպին վրայ, «որ պէտք է ըլլայ մօտիկութեան վարուելակերպ» ըսաւ Սրբազան Պապը անդրադառնալով մօտիկութեան քնքշութեան արտայայտութեան։  

«Վախ մի ունենաք քնքշութենէն։ Քնքշութիւնը  ազնուական է,  ան Աստուծոյ լեզուն է։ Հայր Աստուած նման է այն Հօր որ իր բազուկներուն վրայ կը գրկէ իր մանուկը, ահա այս է քնքշութիւնը» յարեց Սրբազան Պապը դարձեալ քաջալերելով ներկաները վախ  չունենալու քնքշութենէն ու պատգամը աւարտեց բոլորին վրայ հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի Հովանին։

 “iMision”ը կաթողիկէ ընկերակցութիւն  մըն է որ կը գործէ ի նպաստ  «թուային» աշխարհի աւետարանումին։ Ստեղծուած է 2012 թուականին եւ ունի երեք նպատակակէտեր. ա) Ստեղծել առաքեալներու ցանց մը, որոնք կը կազմաւորեն, իրար կ՛օգնեն ու միասին կ՛աշխատին ցանցին վրայ։ բ) Որակեալ կազմաւորում մատակարարել բոլոր անոնց որոնք հետաքրքրուած են թուային առաքելութեամբ  ապա գ) Կազմաւորման ձեռնարկներ կազմակերպել։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2019, 11:50