Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը գերմանացի եպիսկոպոսներուն «միասնաբար քալել, խրախուսուած սուրբ Հոգիէն»

Սրբազան Հայրը յորդորեց գերմանացի եպիսկոպոները ապաւինիլ Սուրբ Հոգիին զօրութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 28 յունիսին, Գերմանիոյ եպիսկոպոսներուն յղած նամակով մը Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերած է եպիսկոպոսները միասնաբար ընթանալու Եկեղեցւոյ սինոդական ճամբուն վրայէն, ապա ընդգծած է Սուրբ Հոգիին դերակատարութիւնը եկեղեցւոյ վերանորոգումի գործընթացէն ներս:

Նորին Սրբութիւնը նամակին մէջ անդրադարձած է անցեալ մարտ ամսոյն գերմանիոյ եպիսկոպոսներուն գումարած տարեկան ընդհանուր ժողովին, որուն ընթացքին Եպիսկոպոսները քննարկելով Գերմանիոյ եկեղեցին յուզող ծանր հարցերը, ինչպէս կղերի կողմէ գործադրուած սեռային ոտնձգութիւնները, կոչումներու թիւի հարցը եւ այլ խնդիրներն Եպիսկոպոսները վճռած են այդ հարցերը դիմագրաւել, ընթանալով եկեղեցւոյ սինոդական ճամբու վրայէն:

Ֆրանչիսկոս Պապ գերմանացի եպիսկոպոսներուն նամակին մէջ խորհուրդ չտար թէ ինչպէս պէտք է դիմագրաւել գերմանիոյ եկեղեցւոյ հարցերը այլ իր հոգեւոր մօտիկութիւնը կը ցուցաբերէ եպիսկոպոսներուն, քաջալերելով զանոնք ընթանալու եկեղեցւոյ սինոդական ճամբուն վրայէն յիշեցնելով, որ եպիսկոպոսները մինակ չեն եւ ապաւինին Սուրբ Հոգիին ներգործութեան:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2019, 11:30