Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին յունիս ամսուան առաքելական աղօթքի դիտաւորութիւնը:

Ֆրանչիսկոս Պապ մեզմէ կը խնդրէ որ մեր հայեացքը ուղղենք դէպի մեր հասարակութիւններուն մէջ խիստ աշխատանք տանող քահանաներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 6 յունիսին, Պապի աղօթքներուն համաշխարհային ցանցի կողմէ հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի յունիս ամսուան առաքելական աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը:

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանցի փոխանցմամբ, ֆրանչիսկոս Պապ , յունիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ կը խնդրէ, որ բարեկեցութեամբ նայինք բոլոր քահանաներուն, որոնք խիստ աշխատանք կը տանին բոլորիս համար:

Յունիս ամսուան տեսերիզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կը դիմէ համայն կաթողիկէներուն, որպէսզի անոնք իրենց շուրջը նային եւ դիտարկեն հասարակութիւններուն մէջ գտնուող քահանաները: Սրբութիւնը միշտ նուազ աղմուկ կը յարուցանէ, քան մեղքն ու գայթակղութիւնը գրուած է Համաշխարհային ցանցի հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նկատել տալով որ Քահանաները կ՝ուզեն Յիսուսի ապրելակերպին հետեւիլ, նեցուկ ու պատրաստակամ գտնուելով անձերուն, յատուկէն աղքատներուն:

Յունիս ամիս, Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն կը յայտնէ քահանաներուն օրինակին համար, որոնք պատրաստակամութեամբ եւ նեցուկութեամբ վկայութիւն կու տան Քրիստոսի սէրին :

Ֆրանչիսկոս Պապ բոլորս կը հրաւիրէ աղօթելու քահանաներուն համար, որպէսզի քահանաները իրենց կեանքի հեզութեամբ եւ ժուժկալութեամբ յանձնառու ըլլան գործօն զօրակցութեան , յատուկէն աղքատներուն նկատմամբ:

Յունիս ամսուան առաքելական աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ.

«Ձեզմէ պիտի խնդրէի, որ ձեր հայեացքը ուղղէք դէպի մեր հասարակութիւններուն մէջ գործող քահանաներուն:
Ամէնքը կատարեալներ չեն, սակայն շատեր մինչեւ ծայր աստիճան իրենք զիրենք կը վտանգեն՝ նուիրուելով ուրախութեամբ եւ հեզութեամբ:

Նեցուկ գտնուող քահանաներ են, պատրաստ խիստ աշխատանք տանելու բոլորին համար: Շնորհակալութիւն յայտնենք անոնց օրինակին եւ վկայութեան համար:

Աղօթենք քահանաներուն համար, որպէսզի իրենց կեանքի հեզութեամբ եւ ժուժկալութեամբ յանձնառու ըլլան գործօն զօրակցութեան,  յատկապէս աղքատներուն նկատմամբ:»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2019, 16:00