Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքներէն ամենէն շատ վնաս կրողները աղքատներն են»:

Պէտք չէ որ երիտասարդները վճարեն մեր սերունդի անպատասխանատուութեան գինը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 14 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց  մաքուր ուժանիւթի անցնումի եւ հասարակաց տան պաշտպանութեան մասին Հռոմի մէջ գումարուած ժողովի մասնակիցները:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ ողջունելով ժողովին մասնակիցները Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց զօրակցական հոգիով , հաւաքական աշխատանքով եւ շօշափելի քայլերով, երկրագունդի պաշտպանութեան ի սպաս անոնց ի գործ դրած ջանքերուն համար :

Ան ապա անդրադարձաւ ժամանակակից աշխարհը յուզող բնապահպանութեան տագնապին, յատուկէն կլիմային փոփոխութիւնը, որ վտանգ կը  հանդիսանայ նոյնինքն մարդկային ընտանիքին: ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ երկար ժամանակէ ի վեր անտեսուած են գիտական որոնումները, ինչպէս նաեւ աղէտալի կանխատեսումները, որոնց այլեւս չէ կարելի չէ նայիլ արհամարհանքի աչքերով ու  Որեւէ կլիմայի փոփոխութեան հայող ուսումնասիրութիւն եւ  մաքուր ուժանիւթի օգտագործում պէտք է որ կիրարկէ առկայ գիտական փնտռտուքները եւ խորացնել զանոնք: ըսաւ Սրբազան Հայրը :

Ան ապա ակնարկեց կլիմային փոփոխութեան հայող միջ պետական յանձնախումբի մը կողմէ հրապարակուած ջերմաստիճանին բարձրացման հետեւանքներուն մասին տեղեկագիրին ընդգծելով, որ այդ տեղեկագիրը կը զգուշացնէ կլիմային աղէտալի հետեւանքներէն, եթէ չյարգուի Փարիզին համաձայնագիրը ըստ որուն աշխարհի տաքութեան ջերմաստիճանը պէտք չէ գերազանցէ 1,5 աստիճանը:

ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ կլիմայի փոփոխութենէն յառաջացած աղէտները ամէնէն շատ վտանգ կը հանդիսանան աղքատներուն:  Աղքատներն են, որոնք ամենէն շատ թիրախ են ջորութեան, ջրհեղեղներուն  կլիմայի ծայրաստիճան աղէտներուն:
Նորին սրբութիւնը շեշտեց, որ պէտք է քաջութեամբ ընդառաջել երկրի եւ աղքատներուն ճիչերուն: Ան նշեց որ ապագային սերունդները մօտիկ կը գտնուին ժառանգելու քայքայուած եւ վնասուած աշխարհը մը: Պէտք չէ որ մեր թոռներն ու զաւակները վճարեն մեր սերունդի անպատասխանատուութեան գինը: Արդարեւ երիտասարդներն մեզմէ կ՝ակնկալեն փոփոխութիւն մը, ըսաւ Սրբազան Հայրը հուսկ անդրադարձաւ հասարակաց տան պաշտպանութեան մասին գումարուած ժողովին նիւթի երեք կէտերուն.  ուղիղ անցնում, ածուխի գինը, եւ յստակութիւն կլիմայի փոփոխութեան վտանգները փոխանցումին մէջ: Երեք մեծ եւ բարդ հարցեր որոնց համար շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպումի մասնակիցներուն:

Ինչ կը հային կլիմայի փոփոխութեան վտանգները յստակ եւ ուղիղ կերպով հաղորդելու հարցին, ֆրանչիսկոս Պապ էական նկատեց, որ տնտեսական հարստութիւնները օգտագործուին ընդհանուր բարիքին ի շահ:
Ան ժողովականներուն ուշադրութեան յանձնեց ըսելով որ կլիմայի տագնապը կարիքը ունի վճռակամ գործողութեան եւ եկեղեցին լիուլի յանձնառու է իր մասնակցութիւնը բերելու:

Սրբազան Քահանայապետը անգամ եւս շնորհակալութիւն յայտնելով ժողովակներուն , սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովին հրաւէրին ընդառաջելնուն համար, ապահովեցուց իր աղօթքը եւ Աստուածային առատ օրհնութիւնները հայցեց բոլորին համար:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2019, 13:00